Խաղաղութեան Միտուած Բանակցութիւնները Տեղի Կ՝ունենան Ուժերու Անհաւասարակշիռ Պայմաններու Մէջ. Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչները ԼՂ-ին Սատարելու Կոչ Ըրած են

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայի «Հանրապետականներ» կուսակցութեան՝ աւելի քան 170 պատգամաւորներ, ծերակուտականներ եւ տարածքային մարմիններու ընտրուած ղեկավարներ եւ այլք հանդէս եկած են «Լեռնային Ղարաբաղի ծրագրուած վախճանը» եւ այդ տարածքի հայ բնակչութիւնը ջարդերու ենթարկուելու վտանգը կանխելուն վերաբերեալ հաւաքական կոչով։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ կոչը հրապարակուած է ֆրանսական «Լա Ֆիկարօ»-ի մէջ․

«Ասիկա տագնապի ահազանգ է, որ կը ցանկանք հնչեցնել: Տագնապի ահազանգ բոլոր անոնց կողմէ, որոնք չեն ուզեր լռել ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ծրագրուած վախճանին եւ այդ տարածքի հայ բնակչութեան ջարդերու ենթարկուելու վտանգին։

Հայաստանը, 2020 թուականի աշնան ազրպէյճանի տարած յաղթանակէն ետք, յայտնուած է խիստ տկարացած և խոցելի վիճակի մէջ: Այդ ժամանակէն ի վեր, պաքուի վարչաձեւին հետ Հայաստանի խաղաղութեան միտուած բանակցութիւնները տեղի կ՝ունենան ուժերու լիակատար անհաւասարակշռութեան պայմաններուն մէջ. Ռուսիոյ տէ ֆաքթը եւ տէ իւրէ դաշնակից ազրպէյճանը, ինչպէս օրեր առաջ այդ մասին յիշեցուցած է ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւը, վեց ամիս շարունակ անմարդկային շրջափակում կ՝իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան չգրաւուած հատուածին նկատմամբ՝ սովի ենթարկելու եւ այնտեղ ապրող 120,000 հայերը վտարելու բացայայտօրէն յայտարարուած հաւակնութեամբ:

Ռուսական խաղաղապահ ուժերը, որոնք պէտք է երաշխաւորէին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ազատ տեղաշարժը, փաստացի նաեւ մատակարարումները, ի ցոյց դրին իրենց անկարողութիւնը։ Փետրուար 22-ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ կայացուած անյապաղ ապաշրջափակում պարտաւորեցնող որոշումը իլհամ ալիեւին համար մնաց անհետեւանք։

Մնալով միայնակ եւ առանց օժանդակութեան գերզինուած ազրպէյճանի ռազմատենչ ու պահանջատիրական նկրտումներուն դէմ հանդիման՝ Հայաստանը այժմ կը փորձէ փրկել իր սեփական տարածքային ամբողջականութիւնը։ Այս ծիրէն ներս, հանդէս կու գանք Ֆրանսական Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած պաշտօնական կոչով․ Ֆրանսան կրնայ միջամտել, Ֆրանսան պէտք է միջամտէ: Մենք պարտաւոր ենք ընելու այդ մէկը, որովհետեւ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ոչ միայն կը մարմնաւորեն ժողովրդավարական արժէքները տարածաշրջանի մը մէջ, ուր առանց բացառութեան կ՝իշխեն մենատիրական, մինչեւ անգամ, բռնապետական ​​պետութիւնները, այլ ստանձնած են մեզի համար ընդհանուր քրիստոնէական մշակոյթի յառաջապահի դերը։ Պարտաւոր ենք ընելու այդ մէկը, քանի որ այդպէս կը թելադրէ պաշտպանելու մեր պատասխանատուութիւնը, որ կը բխի 2005 թուականին Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր ասամպլիայի առջեւ ստանձնած մեր պարտաւորութիւններէն:

Կրնանք եւ պէտք է միջամտենք կրկին հրաւիրելով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ՝ ընթացող բանակցութիւններու շրջանակ վերափոխելու համար: Քանի որ ընդունած են այդ բանակցութիւնները այնպիսին, ինչպիսին անոնք ընթացած են մինչեւ Քիշնեւ, այսինքն Ֆրանսայի եւ Արեւմուտքի վրայէն հանելով  Լեռնային Ղարաբաղի հայերը վերստին լքելու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս ժամանակին լքած էինք Կիլիկիոյ հայերը, պիտի նշանակէ համաձայնիլ մօտալուտ պատերազմին, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի ապակայունացման, որ վտանգաւոր է բոլորիս համար։

Ուստի, Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է իր բանաձեւով պարտադրէ այն փաստը, որ այս բանակցութիւններուն նախապայմանը պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն հանդէպ ցեղական զտման ցանկացած գործընթացի բացառման բացարձակ երաշխիքը։ Անվտանգութեան նման երաշխիքը, որ Ֆրանսան պէտք է պահանջէ եւ պարտադրէ, պիտի հենուի միայն միջդիրքային միջազգային ուժերուն տրուած իրաւագիրին վրայ, որոնք պիտի լրացնեն իրենց անարդիւնաւէտութեամբ աչքի ինկած ռուսական խաղաղապահ ուժերուն․ վերջիններուս՝ 2025 թուականէն ետք իրաւագիրի երկարաձգումը վտանգուած է: Ի վերջոյ, այդ բանաձեւը պէտք է սահմանէ, ըստ էութեան վերականգնէ, Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը՝ իբրեւ անոնց կեանքի եւ արժանապատուութեան հիմնարար իրաւունքի գլխաւոր երաշխիք՝ դիմակայելու ռասայական ատելութեան հիմքի վրայ կառուցուած ազրպէյճանական պետութեան։

Հրամայական կը համարենք, որ նախագահ Մաքրոնը կեանքի եւ արժանապատուութեան այս հիմնարար իրաւունքի սկզբունքը վերահաստատէ նոյնինքն Գորիսի մէջ՝ շրջափակուած Լեռնային Ղարաբաղի դարպասներուն մօտ, ինչպէս իրեն նախորդող նախագահները՝ Ֆրանսուա Միթերանը եւ Ժաք Շիրաքը ըրին Սարաեւոյի մէջ։

Աշխարհի մը մէջ, ուր կործանիչ եւ ծաւալապաշտ ուժերը յառաջընթաց կ՝արձանագրեն, Ֆրանսան կրնայ եւ պէտք է հանդէս գայ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու նախաձեռնութեամբ՝ մեր բոլոր գործընկերներուն հետ միասին վերաիմաստաւորելով Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատուած անվտանգային ճարտարապետութիւնը:

Այս վերաձեւակերպման դրսեւորումը պէտք է ըլլայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական կարողութիւններու հզօրացումը, որուն պէտք է մեր նպաստը բերենք։ Քանի որ միայն Հայաստանը, ով ի զօրու է ինքնապաշտպանուելու (ինչը այսօր այդպէս չէ), պիտի վերագտնէ իր ինքնավստահութիւնը, վստահութիւնը ժողովրդավարական արժէքներու հանդէպ, որուն՝ գրեթէ միակ կրողն է տարածաշրջանին մէջ»: