
«Մենք Ունինք Զարգացող Գործընկերութիւն»․ Հայ Դատի Ուաշինկթընի Գրասենեակի Տնօրէնը ԱՄՆ Քոնկրեսին Մէջ Ելոյթ Ունեցած է Ամերիկա-հնդկական Համաժողովին
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան Յունիս 14-ին ԱՄՆ Քոնգրեսին մէջ մասնակցած է «Ամերիկացիները հնդիկներուն համար» կազմակերպութեան եւ Հնդկա-ամերիկեան հիմնադրամին կազմակերպած ամերիկա-հնդկական համաժողովին՝ նուիրուած քաղաքական ներգրաւուածութեան խնդիրներուն։
Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնի խօսքին կարեւոր շեշտադրումները՝ ստորեւ․
«Հայերն ու հնդիկները հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ալիանս են՝ միաւորուած ընդդէմ ժամանակակից ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան կրողներու: Մենք այս քաղաքակրթական գործընկերութեան հասած ենք համատեղ երկար ու հպարտ պատմութեան իբրեւ արդիւնք։ Այնքան շատ հնդիկ ուսանողներ կ՝ուսանին Հայաստանի մէջ՝ հարստացնելով հայ հասարակութիւնը, իրենց օժանդակութիւնը բերելով իմ հայրենիքին: Այսօր մտահոգիչ տեղեկութիւններ ստացած ենք, որ Երասխի մէջ ազրպէյճանի սահմանային յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է Հնդկաստանի երկու քաղաքացի։ Կ՝աղօթենք անոնց շուտափոյթ ապաքինման համար։
Ձեզմէ շատերը գիտեն, որ առաջին հայկական պարբերականը՝ «Ազդարար»-ը՝ լոյս տեսած է Մատրասի մէջ (1794 թ.), այժմ՝ Չեննայի մէջ։ Մինչ օրս Հնդկաստանի մէջ կը գործեն հայկական բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ դպրոցներ, շատերը՝ 18-րդ եւ 19-րդ դարերէն: Արեւելեան ուղղափառ ամենախոշոր դաւանանքը՝ Մալանգարայի ուղղափառ սուրիական եկեղեցին, խոր արմատներ ունի Հնդկաստանի մէջ եւ դաւանական սերտ կապ մեր հայ առաքելական հաւատքին հետ: Մենք, ի հարկէ, կը կիսենք Պանկլատեշի ցեղասպանութեան ցաւը եւ կը ձգտինք անոր ճանաչման, որովհետեւ մեր սեփական փորձէն գիտենք, որ նման յանցագործութիւնները, որոնք կատարուած եւ մնացած են անպատիժ, միայն կը յանգեցնեն նոր վայրագութիւններու: Եւ, ի հարկէ, մենք ականատեսն ենք Հնդկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական եւ անվտանգային կապերու աճին։
Ամերիկայի հնդկական համայնքին եւ ձեր դատին անձնական ծանօթութիւնս տեղի ունեցած է իմ լաւ ընկեր Ճէյ Քանսարայի միջոցով: Մենք ամուր բարեկամական յարաբերութիւններ զարգացուցած ենք շատերու հետ, որոնց մէջ են Միհիր Մեղանին, Սամիր Գալրան, Ռաճիւ Բանտիդը, Ուցաւ Չագրապարդին եւ Անիթա Ճոշին:
Հարեւաններ՝ Ամերիկայի մէջ, դաշնակիցներ՝ համաշխարհային ասպարէզի վրայ: Մենք ունինք զարգացող գործընկերութիւն»:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
15.06.2023թ