Սամուէլ Տէրտէրեանը Բացայայտ Առաւելութեամբ Յաղթած է ազրպէյճանցին. Հայ Ըմբիշները Այսօր 4 Մետալ Նուաճած են ԵԱ-ի Մէջ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Դիրանայի մէջ աւարտին հասնող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան այսօր 4 հայ ըմբիշներ նուաճած են պրոնզէ մետալներ:

SHANTNEWS.am-ի տեղեկութիւններով՝ 3-րդ տեղի համար պայքարին Եուրիկ Մխիթարեանը (45 քկ) ժամանակէն շուտ 8-0 հաշուով յաղթած է վրացի Ճապա Պոլգվաձէին: Սամուէլ Տէրտէրեանը (60 քկ) նոյն հաշուով, դարձեալ ժամանակէն շուտ յաղթած է ազրպէյճանցի Նուրլան Իպապզատէն: Գոռ Խաչատրեանը (71 քկ) 4-2 հաշուով յաղթած է ռուս մարզիկը, իսկ Գրիշա Ոսկանեանը (92 քկ) 9-1 հաշուով ժամանակէն շուտ պարտութեան մատնած է գերմանացի ըմբիշը:

Նշենք, որ երէկ ոսկի մետալի համար պայքարին Պետրոս Աշգարեանը (65 քկ), յաղթած էր վրացի ըմբիշը եւ հռչակուած էր Եւրոպայի ախոյեան: Այսպիսով՝ հայ պատանի ըմբիշները նուաճեցին 1 ոսկի եւ 4 պրոնզ մետալ: