Արցախի Շրջափակման Այս Օրերուն Ամենաչնչին Յաղթանակները Անգամ Կարեւոր Են Մեզի Համար
Յունուար 13-ին մեկնարկած էր ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի Պատանեկան հարցերու յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած «Պատանի ախոյեան» մրցաշարքը, որ տեւած է մինչեւ 28 Ապրիլ։ Մրցաշարքին նպատակը
նպաստելն էր պատանիներու դաստիարակութեան գործին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Նոր Ջուղայի, Թեհրանի, Յունաստանի, Ֆրանսայի, Նիտըռլանտներու, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի ՀՅԴ պատանեկան միութիւնները, ընդհանուր՝ 53 մասնակիցով։
Մրցաշարքին ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութիւնները կը ներկայացնէին Վանքի մասնաճիւղէն Մարթա Չիլինգարեանը եւ Անկելինա Հայրապետեանը։ Վերջինս «Դրուագի պատմում» ասպարէզին մէջ գրաւած է առաջին մրցանակային տեղը, իսկ Մարթա Չիլինգարեանը, գերազանցելով բոլոր մասնակիցներուն արդիւնքները, վաստակած է 100 միաւոր եւ դարձած մրցաշարքի «Պատանի ախոյեան»։ Այս առիթով «ԱՊԱՌԱԺ»-ը զրուցած է մասնակիցներուն հետ՝ լուսաբանելու համար անոնց տպաւորութիւններն ու կարծիքները։
Մարթա Չիլինգարեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի Պատանեկան հարցերու յանձնախումբին «Պատանի ախոյեան» մրցոյթը կազմակերպելու եւ իրենց մասնակցութեան հնարաւորութիւն տալու համար՝ ըսած է․- ««Պատանի ախոյեան»-ը լոկ մրցոյթ չէր մեզի համար, անիկա հնարաւորութիւն էր գաղափարակից ընկերներ գտնելու, մեր տաղանդները բացայայտելու եւ ներկայացնելու, նոր նպատակներ սահմանելու եւ անոնց հասնելու, մեր միասնականութիւնն ու ազգային գաղափարները ի ցոյց դնելու համար»։
Մարթան կարեւոր համարած է յատկապէս Արցախի շրջափակման պայմաններուն մէջ մրցոյթին մասնակցիլը։
«Մրցոյթը մեզի` արցախցիներուս համար կարեւոր էր իր տեսակով։ Հակառակ անոր, որ կը գտնուինք շրջափակման մէջ, այս կերպով մենք կրցանք որոշ չափով յաղթահարել այդ շրջափակումը, շփուիլ Արցախէն դուրս գտնուող մեր ընկերներուն հետ։ Այս մրցաշարքը օգնեց մեզի չինքնամեկուսանալու եւ անհաղորդ չմնալու աշխարհի մէջ կատարուող իրադարձութիւններէն։ Մենք շփուեցանք Սփիւռքի մեր ընկերներուն հետ, ոգեւորուեցանք անոնց ազգային մտածելակերպով, որ այդ քանի մը ժամերուն ընթացքին փոխանցուեցաւ մեզի եւ ստիպեց աւելի ուժեղ ըլլալ, դիմակայել շրջափակման այս ծանր օրերը, եւ անկախ ամէն ինչէ՝ սրտի խորքին մէջ ամուր պահել ազատ ու անկախ Հայրենիք ունենալու գաղափարը»,- նշած է Մարթան։
Մարթայի համար ոգեւորիչ էր, որ իր ներկայացուցած նիւթը բոլորին կողմէ միաձայն հաւանութեան արժանացած է։
«Շփոթուած եւ հիացած էի, երբ կը լսէի, թէ ինչպէս կը խօսին իմ ներկայացուցած նիւթի բովանդակութեան մասին․ տպաւորութիւնները բազմազան էին եւ հպարտացնող։ Զարմանալին այն էր, որ նոյնիսկ այս օրերուն յաղթանակի ոգին դեռ կը շարունակէր ուղեկից ըլլալ ինծի եւ նորանոր յաղթանակներ նուաճելու ձգտում առաջացնելու։ Ինծի համար մեծ պատիւ է կրել «Պատանի ախոյեան» կոչումը։ Ուրախ եմ, որ ինծի շնորհուած է անիկա, սակայն կը գիտակցիմ նաեւ, որ պարտաւորեցնող է»,- ըսած է ան։
Մարթայի խօսքով՝ մանաւանդ Արցախի շրջափակման այս օրերուն նոյնիսկ ամենաչնչին յաղթանակները կարեւոր են, որովհետեւ անոնք ուրախութիւն ու ոգեւորութիւն կու տան հասարակութեան։
«Իմ այս յաղթանակը իսկապէս ոգեւորած է ընտանիքս, ուսուցիչներս, ընկերներս եւ մեր միութեան անդամները»,- եզրափակած է Մարթան։
ԱՆկելինա Հայրապետեանը նոյնպէս շնորհակալական խօսք ուղղած է ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատանեկան հարցերու յանձնախումբին՝ իրենց նախաձեռնած այս հրաշալի մրցոյթին համար։
«Հպարտ եմ, որ հնարաւորութիւն ունեցայ մասնակցելու «Պատանի Ախոյեան» մրցաշարքին եւ ներկայացնելու Արցախը։ Աւելի հպարտ եմ եւ ուրախ, որ ներկայացնելով հայրենիքս՝ կրցայ գրաւել առաջին պատուաւոր տեղը` «Պատանի Ախոյեան» մրցոյթի «Դրուագի ներկայացում» ասպարէզին մէջ»,- նշած է Անկելինան։
Ան, մրցոյթի իր ասպարէզին մէջ ներկայացուցած է ՀՅԴ պատմութեան դրուագներէն` Նեմեսիս գործողութիւնը։
«Շրջափակման այս դժուարին օրերուն ինծի աւելի ուժ կու տան Նեմեսիսի, Լիզպոնի եւ նման այլ հերոսական դրուագները, ուր հերոսները կը կարենան բարձր պահել հայ ազգին փառքն ու արժանապատուութիւնը։ Անոնց սխրանքները ուժ կու տան մեզի առաջ նայելու՝ պայծառ գալիքի տեսլականով։
Անկելինան իր այս յաղթանակը կը դասէ իր կեանքին մէջ վաստակած յաղթանակներէն ամենակարեւորներու շարքին։
«Մեծ սիրով պիտի մասնակցիմ նաեւ այլ մրցոյթներու, եւ ջանք ու եռանդ պիտի չի խնայեմ, կրկին ու կրկին յաղթելու եւ բարձր պահելու հայրենիքիս, միութեանս ու իմ պատիւը»,- ըսած է ան։
