Մեր Պետութեան ու Հայրենիքին Համազգային Միասնութեան Ճակատով Տէր Կանգնելու Վճռական Պահն Է․ Համահայկական Զօրաշարժի Կոչ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը ճակատագրական այս փուլին կոչ ուղղեց համահայկական զօրաշարժի: Այս մասին նշուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 26-րդ Գերագոյն ժողովին տարածած յայտարարութեան մէջ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
Սիրելի հայրենակիցնե՛ր,
Հայ ժողովուրդը եւ հայոց պետականութիւնը կանգնած են գոյութենական ծանրագոյն սպառնալիքի առջեւ:
Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ուրացումը, ՀՀ Անկախութեան հռչակագրէն բխող յանձնառութիւններէն եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորի սահմանադրական պարտականութիւններէն հրաժարուիլը, թուրք-ազրպէյճանական պարտադրուող զիջումները ընդունելու եւ հայ ժողովուրդի ազգային պետական շահերը ստորադասելու քաղաքականութիւնը կործանարար է:
ազրպէյճանի շարունակուող թշնամանքը պիտի յանգեցնէ նոր ցեղասպանութեան եւ Արցախի հայաթափման, հարցականի տակ պիտի դնէ Հայաստանի պետականութեան ապագան:
Հայ ժողովուրդի թիկունքին հակասահմանադրական ընթացքով ձեռք բերուած ցանկացած համաձայնութիւն կամ փաստաթուղթ չունի իրաւական եւ քաղաքական օրինականութիւն, անիկա յղի է նոր պատերազմի սպառնալիքով եւ անխուսափելիօրէն ապակայունացնելու եւ նոր ցնցումներու պիտի տանի ողջ տարածաշրջանը:
Հակասահմանադրական եւ հակապետական այս ընթացքին անյապաղ կասեցումը օրախնդիր է եւ համազգային առաքելութիւն:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը ճակատագրական այս հանգրուանին ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ կոչ կը հնչեցնէ:
Սթափուելու, ընդվզելու, մեր ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱԿԱՏՈՎ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՎՃՌԱԿԱՆ ՊԱՀՆ Է:
ԱՐՑԱԽԻ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՍԱԿԱՐԿՄԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ Չէ
Մենք համոզուած ենք` իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուած պարտուողականութեան ու անզօրութեան այլընտրանք կայ,
Կը հաստատենք` ներազգային համերաշխութեան վերահաստատումով եւ համահայկական ներուժով կրնանք եւ պարտաւոր ենք`
- Վերականգնել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը.
- Վերականգնել երկրի անվտանգային համակարգը, ազգ-բանակ համազգային գիտակցումով բարձրացնել երկրի պաշտպանունակութիւնն ու հայոց բանակի մարտունակութիւնը.
- Արդիւնաւէտ օգտագործելով միջազգային իրաւունքն ու միջազգային հարթակները, համադրելով տարածաշրջանին մէջ հետապնդուող աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւնները, Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցներու զօրակցութիւնն ու դիւանագիտական ներուժը` պաշտպանել եւ առաջ տանիլ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ռազմավարական շահերը,
- Միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս մերկացնել եւ դատապարտել ազրպէյճանի յանցագործութիւնները` ուղղուած մարդկութեան եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին դէմ,
- Կասեցնել մեր ազգային ինքնութիւնը քայքայող օտարածին ծրագրերը, երկրին մէջ հաստատել իրական ժողովրդավարութիւն, հանրային համերաշխութիւն եւ արդարութիւն,
- Համահայկական ուժերու մէկտեղումով զօրացնել Հայաստանի կարողականութիւնները, ստեղծել ուժեղ եւ մրցունակ պետութիւն, որ անզիջում դիմադրութեամբ պիտի կանխէ թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի հետապնդած Արցախի բռնակցման, հայաթափման եւ Հայաստանին կենսական զիջումներ պարտադրող պանթուրքական ծրագրերը:
Աներկբայ է` վերը նշուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ ստեղծուած իրավիճակին հանգուցային բեկում մտցնելու նախապայմանը ազգային իշխանութեան ձեւաւորումն է եւ նոր որակի պետութեան կառուցումը:
ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութիւնն ու ՀՅ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյց ըիրենց ողջ ներուժով պիտի լծուին Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան ու փրկութեան ուղղուած համազգային ընդվզման եւ դիմադրութեան ճակատի ձեւաւորման:
