Գայիանէն Անազատութեան Մէջ Ըլլալով Չի Կրնար Այցելել Որդիին․ «Որդիներու Կանչ» ՀԿ Մոմավառութեամբ Քայլերթ Կը Կազմակերպէ

Հայաստան

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Յունիս 10-ին կը լրանայ 44-օրեայ պատերազմի առասպել ԺՈՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆի 22-ամեակը, որուն մայրը՝ Գայիանէն, կը գտնուի անազատութեան մէջ։

Ցաւով կը նշենք, որ Գայիանէն անազատութեան մէջ գտնուելով, հնարաւորութիւն չունի որդիին ծննդեան օրը այցելելու անոր տունը՝ ԲԱՅՑ Գայիանէն ունի մեզ։

Ուստի՝ ՅՈՒՆԻՍ 9-ին, ԺԱՄԸ՝ 23:00-ին, կը հրաւիրենք Ձեզ, մասնակցելու ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՔԱՅԼԵՐԹին, որ սկիզբ պիտի առնէ Եռաբլուր զինուորական պանթէոնի կամարին մօտէն ու պիտի շարժի մինչեւ եկեղեցի։

Ժամը՝ 24:00-ին կ՝այցելենք Ժորայի սուրբ շիրիմը եւ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՆՔ ՀԵՐՈՍԻ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ։

Ժորա ջան, ճիշդ է չենք կրնար մայրիկիդ տեղը լրացնել, բայց այդ օրը չենք կրնար քեզ մինակ ձգել»։

«Որդիների Կանչ» ՀԿ