«Հայրենիքը Մարդուն Տրուած Մեծագոյն Շնորհն ու Պարգեւն է»․ Հանրապետական Մաղթանք՝ Թեհրանի Հայոց Եկեղեցիներուն Մէջ
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձի առիթով, Մայիս 28-ի առաւօտեան, Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԼԻՔ»-էն։
Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կրօնական արարողութիւնը նախագահեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան: Ս. պատարագի ընթացքին ընթերցուեցաւ Հանրապետական մաղթանքը, տեղի ունեցաւ դրօշակի օրհնութեան արարողութիւն, որ մէկտեղուեցաւ Դպրաց դասին կողմէն «Մեր Հայրենիք» օրհներգին կատարումով եւ քարոզեց Սրբազան Հայրը:
Քարոզին ընթացքին Սրբազան Հայրը ընդգծեց. «Հայաստան աշխարհը կարիք ունի մեր աղօթքներուն, կարիք ունի մեր զօրակցութեան, կարիք ունի մեզի իր կողքին ունենալուն, որպէսզի կարենայ ամէն ձեւով գոյատեւել: Հայրենիքը մարդուն տրուած մեծագոյն շնորհն ու պարգեւն է»:
Ս. պատարագի աւարտին Սրբազան Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի եւ այլ վայրերու մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտերուն զոհուած հայ նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Արարողութեան ներկայ էին՝ Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանը, Թ.Հ.Թ. Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Վահիկ Աղաքեանը, Թ.Հ.Թ. Թեմական խորհուրդի ատենապետ ճրտ. Նորայր Արամեանը, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Սեւան Դանիէլեանը, Թ.Հ.Թ. Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած Մայիս 28-ի 105-ամեակի մեծարման Կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Ալֆրէդ Քեշիշեանը, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հայրենակիցներ:

Կրօնական արարողութեան աւարտին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Եկեղեցական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր ընդունելութիւն ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:
Լուսանկարները՝ ՀԱՏԻՍի
