Սփիւռքի Մէջ Գործող 2 Տասնեակ Կազմակերպութիւններ Կը Զօրակցին Արցախին
Սփիւռքի մէջ գործող շուրջ երկու տասնեակ կազմակերպութիւններ տարածած են յայտարարութիւն՝ իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն եւ պատրաստ են մասնակցելու Արցախի Հանրապետութեան իրաւաքաղաքական պահանջի կայացման գործընթացին: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Facebook-ի էջը:
Յայտարարութիւնը հասցէագրուած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանին։
Կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն համակարգումը Արցախի Հանրապետութեան մէջ վերապահուած է «Վերածնուող Արցախ» շարժման համակարգող Անաստաս Իսրայէլեանին։
ԱԺ նախագահը Մայիս 26-ին հանդիպած է Ա. Իսրայէլեանի հետ, որ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ Մայիս 22-էն նստացոյց սկսած է։
Զրուցակիցները խօսած են յայտարարութեան մէջ ներկայացուած մտահոգութիւններուն, ստեղծուած իրավիճակին եւ առկայ խնդիրներուն մասին։



