Մայիս 28-ի 105-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Թեհրանի Մէջ
Հայ ժողովուրդը, մայիսեան յաղթանակներու տեսլականով, անհրաժեշտ է սթափուի ու շարժի Մայիսեան նորանոր յաղթանակներ կերտելու ուղղութեամբ:
Այդ տեսլականով տոգորուած, երէկ՝ Մայիս 24-ի երեկոյեան Թեհրանի միութիւններում մեկնարկեց մայիսեան ոգիով լիցքաւորւելու ծրագրերու շարանը, Հ. Մ. «Սարդարապատ» միութեան յարկին տակ, նախաձեռնութեամբ նոյն միութեան եւ համադրութեամբ Թ.Հ.Թ. Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած Մայիս 28-ի 105-ամեակի մեծարման Կեդրոնական յանձնախումբին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԼԻՔ»-էն։
Ձեռնարկը յագեցած էր դասախօսական-գեղարուեստական յայտագիրով, մայիսեան ոգին փոխանցող տեսաֆիլմի ցուցադրութեամբ, ընթերցուեցաւ Թ.Հ.Թ. Մայիս 28-ի 105-ամեակի մեծարման Կեդրոնական յանձնախումբին խօսքը: Հանդիսատեսը վայելեց երիտասարդներուն միջոցով իրականացուող երգերը, Կարինէ Մանուչերեանի ղեկավարութեամբ «Ակունք» պարախումբի սաներուն կատարումները, ասմունքները եւ սրինգի կատարումները: Առանձին ելոյթով հանդէս եկաւ՝ Թ.Հ.Թ. Մայիս 28-ի 105-ամեակի մեծարման Կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ Հայաստանէն հրաւիրուած երգչուհի Եւա Եգանեանը:
Օրուան բանախօսն էր «ԱԼԻՔ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեանը, որ իր ելոյթը սկսաւ հետեւեալ բնաբանով «Մայիս 28-ը՝ հայոց պատմութեան ազգային տօներուն տօնն է»: Իր ելոյթին ընթացքին, ան՝ անդրադառնալով ՀՀ ներկայ իշխանութիւններուն ազգադաւ գործողութիւններուն՝ ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը իր միասնական կեցուածքով կրնայ կրկին կերտել Մայիս 28-ի հերոսապատումը՝ կասեցնելով Արցախի դաւադիր յանձնումը թշնամիին:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքին համար հրաւիրուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան: Թեմակալ առաջնորդը իր ելոյթին ընթացքին ընդգծեց. «Այսօրուան տօնը, որ համախմբեծ է մեր բոլորը պարտաւորութեան եւ յանձնառութեան տակ կը դնէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, որպէսզի ոչ միայն տարուան մէջ մէկ օր այդ տօնով խանդավառուինք, այլ այդ տօնին խորհուրդը մեր կեանքին ու էութեան մաս կազմէ»: Ելոյթի աւարտին պատանի-պարմանուհիները շնորհաւորելով Մայիս 28-ը ծաղիկներ նուիրեցին ներկաներուն:
