Ոչ Ոք Բարոյական Իրաւունք Ունի Որոշելու Մեր ու Մեր Զաւակներուն Ապագան. Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան
Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեանի յայտարարութիւնը․
«Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն պահուածքն ու դիրքորոշումը՝ Արցախի ժողովուրդին համար ճակատագրական հարցերուն վերաբերեալ ազրպէյճանի ցանկութիւններուն անվերապահ ենթարկուելու տրամաբանութեամբ, անընդունելի են:
Վերջին տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ եղած են Արցախի պետականութիւնը կասկածի տակ դնելու ՀՀ իշխանութիւններուն անհասկնալի քայլերը: Մեզի հասանելի խողովակներով փորձած ենք զգուշացնել նման վարքագիծի կործանարար հետեւանքներուն մասին:
Ցաւով կը նշենք, որ մեր զգուշացումները սթափեցնող ազդեցութիւն չեն ունեցած: Բազմաթիւ ձախողումներու պատճառով այսօր կանգնած ենք տապալուած բանակցութիւններու, աղէտաբեր պատերազմի եւ հիմա ալ՝ հակառակորդի բոլոր պահանջներն ու քմահաճոյքները կատարելու պարտադրանքին առջեւ:
Տեւական ժամանակ մենք ձգտած ենք հաւատարիմ մնալ հայկական երկու հանրապետութիւններու քաղաքական վերնախաւերուն մօտ ձեւաւորուած այն աւանդոյթին, որ իրար ներքին գործերուն չմիջամտելը համարուած է քաղաքական ճշգրտութեան դրսեւորում:
Սակայն այն, ինչ հնչեցուած է Հայաստանի գործող վարչապետին կողմէ այսօր, սասանած է հայկական պետականութեան հիմքերը, մասնաւորապէս, խախտելով համայն հայութեան իրաւունքներու պաշտպանը հանդիսանելու պարտաւորութիւնը:
Մեր նախնիներու դարաւոր պայքարին եւ այդ հիմքին վրայ ձեւաւորուած արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարին շնորհիւ վեր խոյացած է ազգային արժանապատուութեան նոր որակ, որ նսեմացնելու իրաւունք ոչ ոք ունի՝ անկախ իր զբաղցուցած պաշտօնէն ու դիրքէն:
Ոչ ոք բարոյական իրաւունք ունի որոշելու մեր ու մեր զաւակներուն ապագան: Արցախը չէ ընդունած եւ պիտի չընդունի այն մօտեցումները, որոնք այսօր ներկայացուած են ՀՀ վարչապետին կողմէ եւ, ինչպէս նախապէս պայքարած է, այնպէս ալ հիմա, բոլոր հնարաւոր միջոցներով պիտի պայքարի իր հայրենիքին մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքին համար:
Կը հաւատանք, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, այնպէս ալ այսօր համայն հայութիւնը Արցախի ժողովուրդի կողքին պիտի ըլլայ»:
Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ
Արկադի ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Արցախի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ
Բակօ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
22 Մայիս,2023թ. ք. Ստեփանակերտ
