Կը Շարունակեմ Ըլլալ Արցախի Իմ Քոյրերուն եւ Եղբայրներուն Կողքին՝ Հաւատարիմ Իմ Մարտական Ընկերներու Շիրիմներուն Առջեւ Տուած Երդմանս․ ՀՀ Երկրորդ Նախագահ
ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի արձագանեը Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ յայտարարութեան․
ՀՀ վարչապետի աթոռը զբաղցնող կապիտուլեանտի՝ Արցախը ազրպէյճանի մաս ճանչնալու այսօրուան` արդէն ուղիղ եւ անսքող յայտարարութենէն ետք ինձմէ արձագանգ պահանջելը պարզապէս անհասկնալի է, եթէ չըսեմ՝ վիրաւորական:
Մշտապէս, նաեւ՝ անցեալ հինգ տարիներուն, բոլոր հնարաւոր առիթներով ես յայտարարած եմ՝ Արցախը պիտի չըլլայ ազրպէյճանի կազմին մէջ: Ես եւ իմ գլխաւորած քաղաքական ուժը՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը, մեր բոլոր յայտարարութիւններուն, ելոյթներուն, ուղերձներուն մէջ անընդհատ շեշտած ու յայտարարած ենք մեր սկզբունքային մօտեցումները Արցախի հարցով, կէտ առ կէտ շարադրելու մեր դիրքորոշումները մեզի համար կենսական այդ հարցին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարիչներու կործանարար քայլերուն մասին: Անոնք որեւէ փոփոխութեան ենթակայ չեն: Բարձրաձայնած ենք, պայքարած ու կը շարունակենք պայքարիլ, որքան ալ մեզի զրպարտած են, վարկաբեկած, թիրախ դարձուցած՝ ականջալուր չըլլալով մեր ահազանգերուն ու նախազգուշացումներուն:
Եթէ ոմանք հիմա յանկարծ «անսպասելիութենէ անակնկալի եկած են» եւ ինձմէ նոր յայտարարութիւն կը պահանջեն, առնուազն տարակուսելի է: Եղած եմ եւ հաստատապէս կը շարունակեմ ըլլալ Արցախի իմ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին՝ հաւատարիմ իմ մարտական ընկերներու շիրիմներուն առջեւ տուած երդմանս՝ կիսատ չձգել համատեղ սկսած գործը:
Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Խօսքերէն զատ, այսօր, առաւել քան երբեւէ, կարեւոր են քայլերը, գործերը եւ համախմբուածութիւնը՝ անկախ ամենատարբեր տարաձայնութիւններէն ու փառամոլութենէ, որոնք ոչինչ են մեր ժողովուրդի գլխուն կախուած արհաւիրքի կողքին։
Արցախի խնդիրը, ինչպէս եւ Հայաստանի պետականաշինութեան գործը ես համարած եմ եւ կը համարեմ իմ կեանքի առաքելութիւնը»:
