Կ՝ակնկալենք, որ Միջազգային Հանրութիւնը Գործուն Քայլեր Կը Ձեռնարկէ Ազրպէյճանի Ահաբեկչական Գործողութիւնները Կանխելու Համար․ Յայտարարութիւն
Ի պատասխան ազրպէյճանի տեղեկատուական դաշտով Արցախի ապառազմականացման մասին հրապարակումներուն եւ սպառնալիքներուն՝ Արցախի Ազատամարտիկներու միութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի․
«Վերջին օրերուն ազրպէյճանական իշխանամերձ տեղեկատուական դաշտով կրկին կը տարածուին կոչեր ու վերջնագրեր Արցախի ժողովուրդին դէմ ռազմական յարձակում իրականացնելու եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինաթափման վերաբերեալ, որուն շուրջ բազմիցս կեղծ պնդումներ ու յայտարարութիւններ կատարած են նաեւ ազրպէյճանի պաշտօնական շրջանակները: ազրպէյճանական քարոզչամեքենան, ըստ երեւոյթին, այս անգամ ալ տեղեկատուական գրոհով կը փորձէ հող նախապատրաստել Արցախի ժողովուրդին դէմ հերթական յարձակման համար, որ կը պատճառաբանուի Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ իբր ազրպէյճանական նախատեսուող բնակչութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութեամբ:
Արձանագրելով, որ 2020թ. պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակին եւ յատկապէս շրջափակման պայմաններուն մէջ ազրպէյճանը կը շարունակէ աճող գոյաբանական վտանգներ ներկայացնել Արցախի ժողովուրդին համար, բարձր քայլերով կը ռազմականացնէ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքները՝ զանոնք վերածելով զօրավարժութիւններու հարթակի՝ կ՝ընդգծենք, որ այդ վտանգները զսպող գլխաւոր գործօնը լոկ ինքնապաշտպանութեան գործառոյթ կատարող, բացառապէս Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներէն կազմաւորուած ԱՀ Պաշտպանութեան բանակն է: ազրպէյճանի իշխանութիւններուն քաջ յայտնի է, որ 1990-ականներու պատերազմին ձեւաւորուած Պաշտպանութեան բանակը իրացուցած է սեփական ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան անվիճարկելի իրաւունքը, որ ամրագրուած է միջազգային իրաւունքի հիմնարար փաստաթուղթերով: Ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի իրացմամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պաշտպանած է իր իւրաքանչիւր քաղաքացիի կեանքը, ինքնորոշման իրաւունքը, ազատութիւնը եւ անկախութիւնը: Արցախի ազատամարտիկներու միութիւնը կը շեշտադրէ, որ անընդունելի ու ապօրինի է Պաշտպանութեան բանակը զինաթափելու ցանկացած պահանջ, իսկ Միութիւնն ու Արցախի ամբողջ ժողովուրդը կանգնած են Պաշտպանութեան բանակի կողքին:
Կը յայտարարենք, որ տարածաշրջանին մէջ ապակայունութեան միակ աղբիւրը ազրպէյճանի զինուած ուժերն է, որ յաճախակի ռազմական գործողութիւններու մէջ կը ներգրաւէ ահաբեկիչներ ու վարձկաններ, ինչպէս նաեւ կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բոլոր չափանիշները: Կ՝ակնկալենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ապահովելու համար միջազգային հանրութիւնը գործուն քայլեր կը ձեռնարկէ ազրպէյճանի յարձակողական ռազմականացումը եւ հերթական ահաբեկչական գործողութիւնները կանխելու համար»:
