Իրավիճակին Լրջութիւնը Արագ եւ Վճռական Գործողութիւններ Կը Պահանջէ․ Բաց Նամակ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազին

Հայաստան

Վարչապետին կողմէ դաւաճանական գործողութիւնները կանխելու վերաբերեալ փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեան բաց նամակով դիմած է ՀՀ գլխաւոր դատախացին․

«Տիկին Վարդապետեան, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանադրական կարգը լուրջ վտանգուած են, հայկական պետականութիւնը՝ կործանման ճանապարհին է: Վերջին ամիսներուն ի յայտ եկած են տեղեկութիւններ՝ բացայայտելով ՀՀ վարչապետին կողմէ կազմակերպուած դաւադրութիւնը, որ կը սպառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան: Իբրեւ արդարադատութեան պահպանման եւ ժողովուրդի բարօրութեան ապահովման համար պատասխանատու բարձրագոյն մարմին՝ Ձեր եւ դատախազութեան պարտականութիւնն է անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել՝ դադրեցնելու այդ դաւաճանական գործողութիւնները:

Իրավիճակին լրջութիւնը կը պահանջէ արագ եւ վճռական գործողութիւններ։ Վարչապետին չարամիտ մտադրութիւնները ակնյայտ եւ իրական վտանգ կը ներկայացնեն մեր պետականութեան գոյութեան համար։

Ես կը հասկնամ, որ գլխաւոր դատախազի պաշտօնին Ձեր նշանակուիլը եղած է վարչապետի քաղաքական խմբակին որոշումով, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ պիտի չկատարէք ձեր պարտականութիւնները պետութեան եւ ժողովուրդին հանդէպ։ Այն երդումը, որ դուք տուած էք՝ ծառայելու արդարադատութեան գործին եւ պաշտպանելու օրէնքի գերակայութիւնը, պէտք չէ վտանգի ենթարկուի քաղաքական պատկանելութեան կամ անձնական նկատառումներու պատճառով:

Ես կը խնդրեմ Ձեզմէ, տիկին գլխաւոր դատախազ, վեր կանգնիք ցանկացած քաղաքական կողմնակալութենէ եւ գործէք անսասան վճռականութեամբ՝ պաշտպանելու մեր պետութիւնը այս անմիջական վտանգէն: Ձեր ուսերուն դրուած է այս մեղադրանքները մանրակրկիտ քննելու, յստակ ապացոյցներ հաւաքելու /թէ եւ անոնք ակներեւ են, մեծ ջանքեր պէտք չեն գար/ եւ վարչապետին դէմ հանրային քրէական հետապնդում հարուցելու պատասխանատուութիւնը։

Ձեր կողմէ ցանկացած վարանում կամ անգործութիւն կը համարուի աններելի ոտնձգութիւն Ձեր սահմանադրական առաքելութեան նկատմամբ՝ Ձեզ եւ Ձեր տեղակալներուն յանցակից դարձնելով այն դաւաճանութեանը, որուն մէկ մասը արդէն կատարուած է, իսկ միւս մասը կը նախապատրաստուի: Ժամանակը սուղ է, եւ մեր ազգը կանգնած է աղէտալի անդունդի եզրին: Ես կը խնդրեմ ձեզմէ դրսեւորել ձեր պաշտօնական դիրքէն պահանջուող խիզախութիւնն ու ազնուութիւնը եւ անյապաղ քայլեր ձեռնարկել՝ ապահովելու օրէնքի գերակայութեան պահպանումը։ Ձեր վճռական գործողութիւններէն կախուած է մեր երկրի ապագան եւ անոր քաղաքացիներուն բարեկեցութիւնը, եւ ձեր անգործութեան իբրեւ արդիւնք վրայ պիտի հասնին բոլոր հնարաւոր բացասական հետեւանքները, ներառեալ պաշտպանութեան ոչ իրաւական եղանակները։

Յիշեցէք, որ Դուք հաշուետու էք ոչ թէ վարչապետի կուսակցութեան, այլ ողջ ժողովուրդին։ Ձեր նշանակման վրայ հաւանաբար ազդած է անոնց որոշումը, բայց ատիկա Ձեզ չ՝ազատեր մեր երկրի անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանադրական կարգը պաշտպանելու ձեր պարտականութենէն»: