Արցախի Կարգավիճակը Արդէն Իսկ Որոշուած է 1991 թ․ Դեկտեմբեր 10-ի Համաժողովրդական Կամարտայայտութեամբ․ Արցախի ԱԺ
Արցախի խորհրդարանը միաձայն ընդունեց յայտարարութեան նախագիծ, որ այսօր գումարուած արտահերթ նիստին դրուած էր քուէարկութեան։
Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է․
«ՀՀ վարչապետ նիկոլ փաշինեանի այսօրուան մամլոյ ասուլիսին կատարած յայտարարութիւնը, որմով ան վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ Արցախը ներառելու ազրպէյճանի կազմին մէջ, խիստ վրդովմունք ու զայրոյթ յառաջացուցած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ։
նիկոլ փաշինեանը իր այդ յանձնառութեամբ կոպտօրէն կը խախտէ ՀՀ Անկախութեան հռչակագրի եւ Սահմանադրութեան ամրագրումները Արցախի մասին․ առանձնապէս՝ ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի 1992 թ․ Յուլիս 8-ի որոշման հրամայական հիմնադրոյթն առ այն, որ ՀՀ համար անընդունելի պէտք է համարել միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նշուած ըլլայ ազրպէյճանի կազմին մէջ։
Եւս մէկ անգամ կը վերահաստատենք, որ Արցախի կարգավիճակը արդէն իսկ որոշուած է 1991 թ․ Դեկտեմբեր 10-ի համաժողովրդական կամարտայայտութեամբ, եւ որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ զայն բեկանելու։
Մեզի համար անընդունելի եւ առ ոչինչ են Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անոր իրացման փաստը անտեսող նիկոլ փաշինեանի ցանկացած յայտարարութիւն եւ անոր հիման վրայ կազմուած որեւէ փաստաթուղթ։
Արցախը երբեք պիտի չհրաժարի պայքարի իր անշեղ ուղիէն։
Խորապէս անհանգստացած առկայ վտանգաւոր իրողութեամբ՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կոչ կ՝ընէ համայն հայութեանը՝ թոյլ չտալու Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց հայրենիքի մէկ մասը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները անկլաւներու անուան տակ ազրպէյճանին զիջելուն ուղղուած աղէտալի քայլերը, որ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ հայկական պետականութեան կորուստին։
Միաժամանակ կը դիմենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին ու գործող նախագահներուն՝ կոչ ընելով դատապարտել նիկոլ փաշինեանի՝ 2023 թ․ Մայիս 22-ի յայտարարութիւնները, այլապէս ձեր լռութիւնը պիտի դիտարկենք իբրեւ ՀՀ վարչապետի հետ համաձայնութեան նշան»։
