Նահատակուածի Ծնողի Վրայ Ձայն Բարձրացնողը, Հրմշտկողն ու Թաթ Նետողը Վտանգաւոր Թափօն է․ Տիգրան Աբրահամեան
Ոստիկանութեան մէջ բացած են յատուկ հաստիքներ, ուր նշանակուողները ունին լոմի կարգավիճակ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան:
«Ասոնց տեսակին համար տարբերութիւն չկայ, թէ դիմացինը հերոսի ծնո՞ղ է, իր իրաւունքները պաշտպանող քաղաքացի՞, թէ՞ պարզապէս մայթին վրայէն քալող պատահական անցորդ:
Կը ստանան հրաման` պաշտպանելու նիկոլական իշխանութիւնը ու առաջ:
Ասոնց նմանները իբրեւ գործիք մէկ-երկու դրուագի մէջ կը ծառայեն տէրերուն, յետոյ անվերադարձ կը շպրտուին աղբանոց:
Ի դէպ, որ անոնց կենսագրութեան ծանօթանաս` յատուկ ընտրուած անսկզբունք, անհայրենիք դէմքեր են, որոնց միակ «առաքելութիւնը» ստորաքարշութիւն դրսեւորելն է:
Նահատակուած ծնողի վրայ ձայն բարձրացնողը, հրմշտկողն ու թաթ նետողը վտանգաւոր թափօն է, որ պէտք է նետուի համապատասխան վայր»,- գրած է ան:
