«Բաւական է, Որքան Կը Լռենք, Լռելը Նոր Զոհեր Կը Բերէ»․ Եզտի Իրաւապաշտպանը Արցախի Ապաշրջափակման Պահանջով Նստացոյց Սկսած է

Աշխարհ, Հայաստան

«Ես Արցախի հարցի պահանջատէրն եմ», «Արցախցին երբեք եաթաղանահպատակ չէ եղած ու չ՝ըլլար» կարգախօսներով «Յանուն ժողովուրդի բարեկեցութեան մարդասիրական եւ տնտեսական զարգացման» ՀԿ նախագահ, եզտի իրաւապաշտպան Այսեր Իսայեանը այսօր անժամկէտ նստացոյց յայտարարած է Երեւանի «Օղակաձեւ» զբօսայգիին մէջ տեղակայուած «Նեմեսիս» յուշակոթողին մօտ։ Այս մասին կը հաղորդէ aravot.am-ը:

«Իմ պահանջը ուղղուած է ոչ թէ տեղի իշխանութիւններուն, այլ՝ ամբողջ աշխարհին, սուտ ու կեղծ մարդասիրութեան, խուլ ու կոյր արդարադատութեան։ Շրջափակման մէջ գտնուող 120 հազար արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած է այս ցոյցը։ Մենք կ՝ուզենք նաեւ թմբիրէն արթնցնել ամբողջ աշխարհի վրայ սփռուած մեր հայրենակիցները, որովհետեւ մենք ականատես կ՝ըլլանք, որ ամբողջ աշխարհը ուղղակի կ՝արհամարհէ արցախցիներուն այս վիճակը։ Եւ ազրպէյճանը՝ զինք սատարողներով՝ թքած ունի ամբողջ աշխարհի ունայն ու փուճ որոշումներուն վրայ՝ սկսեալ Հաագայի դատարանի որոշումէն»,- լրագրողներուն ըսած է Այսեր Իսայեանը։

Ան նշած է, որ նստացոյցը անժամկէտ է, եւ յոյս ունի, որ անիկա մեծ արձագանգ պիտի ունենայ․ «Ես կը կարծեմ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ մեր հայրենակիցները պիտի միանան այս նախաձեռնութեան՝ ամէն մէկը իւրովի»։ Անդրադառնալով հարցին, թէ ինչո՞ւ որոշեց նստացոյցն ընել «Նեմեսիս» յուշարձանին մօտ, իրաւապաշտպանը ըսած է, որ այս յուշարձանը արդարադատութեան խորհրդանիշն է։ «Ես այսօր առաւօտեան շարժած եմ Սարդարապատի յուշահամալիրի տարածքէն՝ իբրեւ յաղթանակի խորհրդանիշ, եւ եկած եմ արդարադատութեան խորհրդանիշին մօտ՝ շարունակելու իմ նստացոյցը։ Ինչո՞ւ ընտրած ենք Նեմեսիս արձանը, որովհետեւ շրջակայքը Հանրային ռատիոն է, համալսարանները, ասիկա երիտասարդութեան եւ ազատ ձայնի խաչմերուկն է, որ կը հատուի արդարադատութեան խորհրդանիշի յուշարձանին առջեւ։ Բաւական է, որքան մենք կը լռենք, լռելը կը բերէ նոր, մեզի համար չկանխատեսուած զոհեր։ Հաւանաբար շատերը կը կանխատեսեն, որ պիտի ըլլան հերթական զոհեր, բայց ինծի համար ատիկա անընդունելի է։ Աւելցնել սեւ հագած մայրերուն քանակը մեր լռութեամբ, ատիկա անթոյլատրելի է։ Ամբողջ աշխարհը՝ Եւրոպան, Ամերիկան, գերտէրութիւնները ընդամէնը լռութեամբ կը նային։ Հաւանաբար անոնք հայու արիւնով յագուրդ կու տան իրենց կիրքերո՞ւն։ Այսինքն՝ ամբողջ աշխարհի մէջ այսքան պատերազմներէ ու արիւնահեղութիւններէ հաւանաբար անոնք վամպիրի յատկութի՞ւն ձեռք ձգած են, անոնց ատամները արի՞ւն կ՝ուզեն։ Բաւական է, եկէք կանխեցէք միասին։ Ինծի համար հիմա առաջնային է մէկ բան՝ ամբողջ աշխարհին կոչ ընել ուշադրութիւնը դարձնելու դէպի Արցախ, արցախահայութիւն»,- աւելցուցած է Այսեր Իսայեանը։