Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու Քաղաքական Ուժերու Համատեղ Յայտարարութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Պրիւքսելեան վերջին հանդիպման աւարտին յայտարարուած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Ռեյկիավիկի մէջ Ն. Փաշինեանի կողմէ հնչած մօտեցումները խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած են հայ ժողովուրդի մօտ:

Աշխարհաքաղաքական ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն արհեստական արագացումը, ան ալ ճնշումներու եւ սպառնալիքներու ներքոյ թէ՛ ձեւով, թէ՛ բովանդակութեամբ չի բխիր հայ ժողովուրդի շահերէն:

Այսպէս.

1․ Ցանկացած բանակցային բովանդակութիւն, ըստ որուն Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի համաձայնին, որ Արցախը ըլլայ ազրպէյճանի կազմին մէջ՝ անտեսելով ինքնորոշման իրաւունքը, զուրկ է օրինական հիմքէ, քանզի կը հակասէ՝

  • ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան,
  • Հելսինկեան եզրափակիչ ակտին,
  • Արցախեան բանակցութիւններու միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափին՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ, բանակցութիւններուն ընթացքին ընդունուած փաստաթուղթերուն,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան,
  • Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան:

2․ նիկոլ փաշինեանը իրաւասու չէ եւ որեւէ լիազօրութիւն չունի Արցախեան բանակցութիւններու եւ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման շուրջ նման պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու եւ խոստումներ տալու, առաւել եւս, որ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ իր տուած խոստումներն ու կառավարութեան ծրագիրը Արցախեան հակամարտութեան եւ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորումներուն հետ կապուած կ՝ընդգրկեն բոլորովին այլ դրոյթներ, քան կը հնչեցուին միջազգային ձեւաչափով տարբեր հանդիպումներու ժամանակ եւ որեւէ ամպիոնէ պաշտօնական դիրքորոշում յայտնելու պահուն:

3․ Պէտք է բացառել արտերկրեայ որեւէ խորհրդակցութեան ցանկացած տեսակի հաղորդակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով:

  1. Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներէն անյապաղ պէտք է դուրս բերուին ազրպէյճանական զօրքերը:
  2. 2020 թ. Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութենէն ետք հայ ռազմագերիներուն գտնուիլը ազրպէյճանական կալանավայրերու մէջ եռակողմ յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում է, եւ անոնց ազատ արձակումը հրամայական է, այլ ոչ՝ բանակցութիւններու առարկայ:
  3. պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ ցանկացած հնարաւոր երկխօսութիւն պէտք է իրականացնել միջազգայնօրէն ճանչցուած ձեւաչափով եւ յստակ երաշխիքներով՝ հիմնուած կողմերու իրաւահաւասարութեան վրայ, սահմանափակուած չըլլալով որեւէ պարտադրուած օրակարգով: Որեւէ այլ ձեւաչափ Արցախի ժողովուրդին համար անընդունելի է:
  4. սահմանագծման եւ բաժանման գործընթացները պէտք է ամրագրեն առաջին Արցախեան պատերազմին իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցած փոխադարձ դեանկլաւիզացիան եւ պէտք է բացառել վերադարձ անկլաւներուն:
  5. Միջազգային հանրութեան գերակայ պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնը հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հարցով պէտք է ըլլայ հրադադարի պահպանման երաշխաւորումը, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման բացառումը, միջազգայնօրէն ընդունուած ձեւաչափի գործարկումը, որպէս բանակցային հարթակ եւ միջազգային իրաւունքին համահունչ լուծումներու առաջարկումը:
  6. Անյապաղ պէտք ապահովել Բերձորի /Լաչինի/ միջանցքի ապաշրջափակումը եւ անոր լիարժէք վերագործարկումը 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ ամրագրուած պայմաններուն համապատասխան:

Մենք՝ ներքոյ ստորագրեալներս, կը յայտարարենք, որ ցանկացած բանակցային արդիւնք, որ կը հակասէ այս դրոյթներուն, անընդունելի է ու չի արտացոլեր աշխարհասփիւռ հայութեան շահերը եւ նիկոլ փաշինեանը կամ ոեւէ այլ քաղաքական գործիչ իրաւասու չէ բանաւոր կամ գրաւոր խոստումներ տալու կամ պարտաւորութիւններ ստանձնելու այս օրակարգէն տարբերուող օրակարգով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւն

ՀՀ ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւն

«Ազատութիւն» կուսակցութիւն

«Ազգային համաձայնութիւն» կուսակցութիւն

«Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութիւն

«Ազգային ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութիւն

«Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւն

«Ժառանգութիւն» կուսակցութիւն

«Ինտելեկտուալ Հայաստան» կուսակցութիւն

«Համերաշխութիւն» կուսակցութիւն

«Հայրենիք» կուսակցութիւն

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն

«Հայաստանի Հանրապետական» կուսակցութիւն

«Հայաստանի ժողովրդավարական ազատական միութիւն»

«Հայաստանի Դեմոկրատական» կուսակցութիւն

«Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւն

«Սահմանադրական իրաւունք միութիւն» կուսակցութիւն

«Վերածնուած Հայաստան» կուսակցութիւն

«5165 ազգային պահպանողական շարժում» կուսակցութիւն

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութիւն

«Ազատ Հայրենիք» կուսակցութիւն

ՀՅԴ Արցախի կառոյց

Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն

«Քաղաքական միացեալ դաշինք» կուսակցութիւն

«Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութիւն

«Միասնական Հայրենիք» կուսակցութիւն

Արցախի Պահպանողական կուսակցութիւն

Արցախի Հանրապետական կուսակցութիւն

«Շարժում- 88» կուսակցութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի կոմունիստական կուսակցութիւն

«Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւն

Յայտարարութիւնը բաց է ստորագրման համար