«Կակաչ» Պարախումբը Նշեց Իր Հիմնադրման 40-ամեակը
Մայիս 4-ին եւ 5-ին մեծ թիւով հիւրեր եւ հանդիսատեսներ եկած էին Հ.Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնատեղի «Կոմիտաս» սրահ, վայելելու «Կակաչ» պարախումբի հիմնադրման 40-ամեակին առիթով կազմակերպուած ելոյթները:
Համայնքիս արուեստի վաստակաւոր գործիչ եւ պարուսոյց Արուս Աւագեան (Սարգսեան)-ի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հիմնադրուած եւ Հ. Ուս. «Չհարմահալ» միութեան ու նաեւ «Ա. Ա. Ահարոնեան» մանկապարտէզի յարկին տակ գործունէութիւն ծաւալող «Կակաչ» պարախումբը, որուն ներկայ պարուսոյց եւ փորձավարն է արուեստագէտ Արմինէ Աւագեանը, իսկ օգնական Արեգ Աւագեանը, նշեալ երկու օրերուն ընթացքին հանդիսատեսին ներկայացուց պարային բազմերանգ ժանրեր, որոնք կը ներառէին հայկական եւ միջազգային կտորներ: Ազգային ոգիով տոգորուած պարախումբը ներկայացուց կատարումներ, որոնք նուիրուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին, Արցախի պատերազմներուն նահատակներուն, Ատանայի ջարդերուն եւ …:
Մայիս 5-ի երկօրեայ միջոցառման փակման հանդիսութեան, օրուան հաղորդավար Վանէ Տէր-Ղազարեան իր բացման խօսքին ընթացքին նշեց. «Այսօր 21-րդ դարուն ալ հայրենիքէն հեռու կան այնպիսի նուիրեալներ, որոնք կը ստեղծագործեն եւ իրենց աշխատանքով կ՝արժանանան հանդիսատեսի յարգանքին ու սիրոյն: Այդ անխոնջ մշակներէն է հայ պարարուեստի վաստակաշատ նուիրեալ Արուս Աւագեան (Սարգսեան)-ը, որ 2018 թուականի Փետրուար 9-ին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս վարդապետ» մետալին»:
Անդրադառնալով «Կակաչ» պարախումբի ներկայ գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Արմինէ Աւագեանին, ան նշեց. «Արուս Աւագեան (Սարգսեան)-ի դուստրը Արմինէ Աւագեանը, աւարտած է Երեւանի շարժանկարի եւ թատրոնի պետական համալսարանի պարարուեստի ռեժիսուրա բաժանմունքը եւ անոր գեղեցիկ բեմադրութիւնները կը վայելենք այսօր: Արդէն երկար տարիներ է որ Արմինէ Աւագեանը ստանձնած է խումբին գլխաւոր պարուսոյց եւ փորձավարի դերը»:

Ապա ընթերցուեցաւ Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի ուղերձը եւ եզրափակիչ խօսքի համար բեմահարթակ հրաւիրուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը: Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց «Կակաչ» պարախումբին անցած 40-ամեայ ուղին, արուեստագէտներ՝ Արուս Աւագեան (Սարգսեան)-ն ու Արմինէ Աւագեանը, որոնք սաները ուսուցանած են ազգային ոգիով, եւ այդ ոգիով ալ տոգորուած ներկայացուցած ելոյթները: Սրբազան Հայրը գնահատանքի խօսք ուղղեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ազգային ու բարեսիրական նուիրումով օժանդակած են միջոցառման եւ ընդհանրապէս հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան:
Միջոցառումը զուգորդուած էր ասմունքային կատարումներով, որ ներկայացուցին՝ Էմին Օհանեանը եւ Վանէ Տէր-Ղազարեանը:
Թղթակցութիւնը՝ Կարինէ Դաւթեանի
«ԱԼԻՔ»
