
«Ունինք Երկու Ճանապարհ՝ Կա՛մ Կը Պատերազմինք, Կա՛մ Դուրս կ՝ելլենք, Բայց Գիտցէք՝ Արցախի Կորուստէն Ետք Ա՛լ Հայ Չի Մնար, Կը Վերանանք»․ Դաւիթ Պապայեան
Ալմա-Աթայի հռչակագրին Մէջ կան բազմաթիւ հակասութիւններ։ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի երէկուան յայտարարութիւնը որեւէ իրաւական ու մարդասիրական հիմք չունի։ Ի դէմս այդ պաշտօնեային՝ Եւրոպան ցոյց տուաւ, որ թքած ունի ժողովրդավարական ու համամարդկային արժէքներուն վրայ։ Այդ յայտարարութիւնը մեզի համար, բնականաբար, անընդունելի է։ Այս մասին «Փաստինֆօ»-ին ըսած է Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Դաւիթ Պապայեան։
«Եւրոպան՝ ի դէմս Միշէլի, փաստօրէն, օրինականացուց 2020թ․ Արցախի նկատմամբ ազրպէյճանի ու թուրքիոյ իրականացուցած ռազմական գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայ պաշարումը։ Ոչ մէկ բանով Միշէլը չի տարբերիր Չեմբեռլինէն․ Եւրոպան ցոյց տուաւ, որ որեւէ առնչութիւն չունի ժողովրդավարական արժէքներուն հետ։ Թող ա՛լ չխօսին ժողովրդավարութեան, արժէքներու մասին, քանի որ վերջապէս պարզ ըսին, որ աշխարհաքաղաքականութեամբ կաշկանդուած, կաշառակեր մարդիկ են, ուրիշ ոչինչ։ Շնորահակալ ենք այդ «անկեղծութեան», Եւրոպայի իրական դէմքը ցոյց տալու համար»,- նշած է Պապայեան։
Ստեղծուած վիճակին մէջ, ըստ Դաւիթ Պապայեանի, ունինք երկու ճանապարհ՝ կա՛մ կը պատերազմինք, կա՛մ ազրպէյճանին ենթարկուելու որեւէ պայման չընդունելով՝ դուրս կու գանք մեր հայրենիքէն՝ Արցախէն։
«Շատ վճռական փուլի մէջ ենք։ Երկու տարբերակ ունինք՝ կա՛մ կը կռուինք մեր հողին վրայ ապրելու համար ու կը յաղթենք, կամ կը զոհուինք, կամ ալ չընդունելով ազրպէյճանի վերահսկողութիւնը՝ դուրս կու գանք։ Շատ լաւ գիտէք, որ ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անհնար է ապրիլը, ուղղակի կը մորթուինք։ Եթէ չենք ուզեր ոչխարի պէս մորթուիլ, ուրեմն պէտք է արժանապատուօրէն կռուինք կամ ալ ձգենք ու դուրս ելլենք՝ թոյլ չտալով, որ մորթեն մեզի։ Բայց, բոլորը պէտք է հասկնան, շատ լաւ պատկերացնեն, որ դուրս ելլելու պարագային, այսինքն՝ Արցախը կորսնցնելու պարագային, ա՛լ հայ չենք մնար, կը կորսնցնենք մենք մեզի, մեր պետականութիւնը։ Ազգը պէտք է ինքնորոշուի, հասկնայ՝ ինչ կ՝ուզէ՝ ապրի՞լ, թէ՝ վերանալ։
Արցախի կորուստէն ետք բոլորը պէտք է ձայնները կտրեն։ Դժբախտաբար, չկայ 1988 թուականի ազգը… Կը կրկնեմ՝ վճռական փուլի մէջ ենք, պէտք է որոշել՝ կը պատերազմի՞նք, արժանապատուօրէն կը յաղթենք կամ կը զոհուինք, թէ՞ դուրս կ՝ելլենք ու կը կորսնցնենք Արցախը»,- եզրափակած է Պապայեան։