Մէկ Ձեռքով Խաղաղութիւն Կ՝առաջարկեն, Իսկ Միւս Ձեռքով՝ Կը Զարնեն. Սենոր Հասրաթեան

Աշխարհ, Հայաստան

Երէկ թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը նշած է, թէ թուրքիան եւ ազրպէյճանը միասին Հայաստանին խաղաղութեան ձեռք մեկնած են եւ դեռ կը սպասեն պատասխանի…

Նոյն օրը, ազրպէյճանը (ամենայն հաւանականութեամբ, ոչ առանց մեծ եղբօր գիտութեան) հրետակոծութեան տակ առաւ Հայաստանի տարածքները…

Ասիկա այն իրականութիւնն է, երբ մէկ ձեռքով խաղաղութիւն կ՝առաջարկեն, իսկ միւս ձեռքով՝ կը զարնեն…

Յ.Գ.- Արժէ յիշել, որ կար ժամանակ, երբ ՄԵՆՔ զարնելով, եւ այս լուսանկարին մէջ պատկերուած սահմաններով, խաղաղութիւն կը պարտադրէին թշնամիին… Իսկ ատիկա ուղիղ 29 տարի առաջ նոյն այս օրն էր՝ 1994թ. Մայիս 12…

Սենոր Հասրաթեան

Արցախի ԶՈՒ-ի Տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի նախկին պետ, գնդապետ