Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած Հայրենիք» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը Պէյրութի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 10 Մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ եգիպտացի բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Ձեռնարկին բացումը Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին անունով կատարեց Ճօ Զուլիքեան, ապա խօսք առին Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան եւ ժապաւէնի բեմադրիչ Իսամ Նաժի: Յաջորդեց ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Աւարտին եգիպտացի բեմադրիչը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: