Մայիսեան Եռատօնին Նուիրուած Համաժողովրդական Հանրահաւաք` Ստեփանակերտի Մէջ
Մայիս 9-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, «Ո՛Չ Արցախի ցեղական զտման» պահանջագիրի եւ ստորագրահաւաքի նախաձեռնող խումբին կողմէ կազմակերպուած է բազմամարդ համաժողովրդական հանրահաւաք։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱՊԱՌԱԺ»-էն։
Հանրահաւաքին նախորդած է Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Յովանու Մայր Տաճարին մէջ իրականացուած հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ Հայրենական մեծ պատերազմին, Արցախեան առաջին, Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն, որմէ ետք տեղի ունեցած է Խաչերթ դէպի Եղբայրական յուշահամալիր, այնուհետեւ՝ դէպի Վերածնունդի հրապարակ։
Հանրահաւաքին նպատակը յաղթանակներուն օրը վերաիմաստաւորելն էր նոր ուխտով՝ Արցախը հայկական պահելու սրբազան ուխտով:
Հանրահաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցած են ՀԱՍԵ Արցախի թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան կեդրոնի տնօրէն արժանապատիւ Տէր Վաչագան քահանայ Գիւրջեանը, «Ո՛Չ Արցախի ցեղական զտման» պահանջագիրի եւ ստորագրահաւաքի նախաձեռնող խումբի անդամ Դաւիթ Բաղրեանը, «Մենք ենք մեր սարերը» գործակալութեան համահիմնադիր, պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, արցախեան 3 պատերազմներուն մասնակից Կարմէն Աւետիսեանը եւ երիտասարդներ։
Նախաձեռնողները տեղեկացուցած են, որ թղթային եւ առցանց եղանակով հաւաքագրուած է 120,000 ստորագրութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած են Արցախը ապաշրջափակելու իրենց պահանջը, վերահաստատած են հայրենիքի մէջ ազատ, անվտանգ ու անկախ ապրելու իրենց իրաւունքին տէր կանգնիլը, ցոյց տուած են, որ Արցախը չի յանձնուիր եւ որ վճռական են՝ շարունակելու իրենց պայքարը, ինչպէս նաեւ զգօնութեան, սթափութեան, համախմբման ու պայքարի կոչ ուղղած են մեր բոլոր հայրենակիցներուն՝ Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ։
Հանրահաւաքին մասնակցած են ԱՀ ներկայ ու նախկին նախագահները, ԱՀ ԱԺ պատգամաւորները:













