Վերջին 35 Տարին Հայաստանին Մէջ Միայն Մէկ Յեղափոխական Շարժում Եղած է․ 88-ի Ղարաբաղեան Շարժումը․ Անդրանիկ Թեւանեան
Վերջին 35 տարին Հայաստանի մէջ եղած է միայն մէկ յեղափոխական շարժում՝ 88-ի Ղարաբաղեան շարժումը։
Այդ շարժման իբրեւ արդիւնք ստացանք՝
1. Անկախ Հայաստան,
2. Ազատագրուած Արցախ՝ պետականութեան տէ ֆաքթօ ատրիբուտներով։
Այս երկու հիմնարար ձեռքբերումները պահելու եւ զարգացնելու համար անհրաժեշտ էր ժամանակակից, արդար եւ բարեկեցիկ պետութիւն կառուցել։ Այս հարցով տանուլ տուինք։ Այդ պարտութեան հետեւանքով առաջացան նիկոլները։
2018-ի «յեղափոխութիւնը» 88-ի յեղափոխութեան դէմ էր։ Փողոց ելած մարդիկ յոյս ունէին, որ արդար երկիր պիտի կառուցեն։ Անոնց ձգտումները ճիշդ էին, բայց սխալեցան առաջնորդներու ընտրութեան հարցով։
2018-ին տեղի ունեցածին իբրեւ արդիւնք մսխուած են ու կը մսխուին 88-ի շարժման ձեռքբերումները։ Հիմա կանգնած ենք Հայաստանի ըլլալ-չըլլալու հարցին առջեւ։
Մեր միակ փրկութիւնը միասնական ուժերով 88-ի ձեռքբերումներուն տէր կանգնիլն ու ժամանակակից երկիր կառուցելն է։ Ասոր ուղղուած պիտի ըլլան մեր բոլոր ջանքերը։
Յ․Գ․ Շաբաթ օրը իբրեւ խօսնակ կը մասնակցէի «Երիտասարդի ձայն»-ի կազմակերպած համագումարին։ Թեման՝ «Հայաստանը՝ ջրբաժանի առաջ»։
Անդրանիկ Թեւանեան
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր
