Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մէջ Խաղաղութեան Աղօթք Պիտի Կատարուի
Մայիս 9-ին, ժամը 10:30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Սուրբ Վարդան եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռ-մկրտարանին մէջ, Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր դասին պիտի կատարուի Խաղաղութեան աղօթք՝ Հայաստան եւ Արցախ հայրենի մեր երկրի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար:
Մայր Աթոռը կը հրաւիրէ բարեպաշտ հաւատացյալները՝ մասնակից դառնալու Խաղաղութեան աղօթքին:
