Թուրքիան Շատ Լաւ Կը Հասկնայ, Թէ Որքան Կարեւոր է «Նեմեսիս» Յուշարձանի Նշանաբանութիւնը. Ոսկանեան
Պարզ է, որ ցեղասպան դահիճներէն հայկական արդար վրիժառութիւնը խորհրդանշող երեւանեան յուշարձանը զուտ ֆիզիքական իմաստով չի կրնար վտանգ ներկայացնել էրտողանական վարչախումբին համար։ Այս մասին Telegram-ի իր ալիքին վրայ գրած է իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան՝ անդրադառնալով Նեմեսիս յուշարձանի տեղադրման շուրջ Թուրքիոյ յայտարարոթիւններուն:
«Սակայն մենք գործ ունինք Մերձաւոր Արեւելքի աւանդոյթին քաջածանօթ վարչախումբի մը հետ, որ շատ լաւ կը հասկնայ, թէ որքան կարեւոր է նշանաբանութիւնը ազգային ինքնութեան ամրապնդման եւ արդար վրէժի գաղափարի բիւրեղացման առումով։
Ի զուր չէր, որ հայկական արդար վրէժի գաղափարը իրենց գլուխգործոց բանաստեղծութիւններուն մէջ կ՝երգէին նոյնինքն Պոլսոյ մէջ ստեղծագործող մեր դասական պոեզիայի երկու հսկաները՝ Վարուժանն ու Սիամանթոն»։
