
Հայ Եկեղեցականները Դադիվանքի Մէջ Կը Շարունակեն Իրենց Հոգեւոր Ծառայութիւնը. Մայր Աթոռ
Հայ եկեղեցականները Դադիվանքի մէջ կը շարունակեն իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
«Մեր եկեղեցականները Դադիվանքի մէջ կը շարունակեն իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը՝ շնորհիւ ռուս խաղաղապահներու երախտարժան առաքելութեան, որմով կ՝ապահովուի վանքին անվտանգութիւնը։
Ինչ կը վերաբերի Դադիվանքի աղուանական ըլլալու կեղծ պնդումներուն, ուստի պատմական անհերքելի փաստ է, որ վանքը ի սկզբանէ եղած է հայկական եւ որեւէ առնչութիւն չէ ունեցած Աղուանից եկեղեցւոյ հետ, առաւել եւս՝ այսօրուան նորայայտ աղուանա-ուտիական կրօնական համայնքին հետ »,- կը յայտնեն Մայր Աթոռէն:
Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանը կը պահանջէ, որպէսզի հայ վանականները լքեն Դադիվանքը։