
Անգամ Մը Եւս Կոչ Կ՝ընենք Հայոց Ազգային Ուժերուն՝ Մէկ Կողմ Դնելու Տարակարծութիւնները եւ Հայրենիքի Օրհասական Այս Պահուն Միաւորուելու․ Յայտարարութիւն
2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-ից Շուշիի մատոյցներուն վրայ ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին շրջափակումը, դէպի Արցախ կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումներուն արգելափակումը, արցախահայութեան հանդէպ անցնող ամիսներուն ահաբեկչական բնոյթի գործողութիւնները այդպէս ալ համարժէք հակազդեցութեան չարժանացան ՀՀ իշխանութեան եւ միջազգային դերակատար ուժերուն կողմէ։ Այժմ ալ ազրպէյճանը դիմած է նոր սանձարձակութեան՝ սահմանային հսկիչ անցակէտ տեղադրելով Կոռնիձորի կամուրջի հատուածին վրայ։
Ակնյայտ է, որ Բերձորի միջանցքին վրայ ազրպէյճանական կողմի սադրիչ եւ սանձարձակ քայլերն ու գործողութիւնները նպատակաուղղուած են Արցախի հայաթափման ցեղասպան քաղաքականութեան իրականացման։
ազրպէյճանը շարունակաբար նորանոր պահանջներ կը ներկայացնէ եւ սպառնալիքներ կը հնչեցնէ Հայաստանի ու Արցախի հասցէին՝ այդ ամէնը զուգորդելով ուժի կիրառման սպառնալիքներու հետ։
Ի տես այս իրողութեան, Հայաստանի օրուայ իշխանութիւնները կը շարունակեն վտանգաւոր յայտարարութիւններով, խաղաղասիրական կեղծ թեզերով եւ յանցաւոր անգործութեամբ, փաստացի ու այլեւս բացայայտ կերպով հրաժարիլ Արցախի եւ արցախահայութեան անվտանգութեան, իրաւունքներու եւ շահերու երաշխաւորի սահմանադրական պարտաւորութիւններէն։
Աւելին, Հայաստանի օրուան իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութիւնը կործանարար է ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգային հարցերո։ «Նոր դիտանկիւնէն» փորձ կը կատարուի վերարժեւորելու, իսկ իրականութեան մէջ արժեզրկել ազգային-գաղափարական, ռազմավարական հիմնասիւները։ Շարունակաբար եւ հետեւողականորէն թիրախ կը դառնան Հայ Առաքելական Եկեղեցին, հայոց ազգային, մշակութային արժէքներն ու պատմութիւնը, բացայայտ կերպով կ՝ոտնահարուին հայութեան անժամանցելի իրաւունքները, սերունդներու պայքարն ու անոր արդիւնքները։ Ասոր վառ ապացոյցն է ՀՀ Ազգային ժողովի ամպիոնէն ՀՀ վարչապետին ելոյթը, «պատմութեան ընկալման դիտանկիւնը, սոցիալ-հոգեբանական ընկալումը» փոխելու անհրաժեշտութեան ու, իբր, «հայրենասիրութեան մեր սեփական, […] մեր պետական մոտելի ստեղծման» առաջադրանքի մասին, իսկ իրականութեան մէջ «Հայոց Ցեղասպանութեան» միջազգային եզրոյթէն փաստացի հրաժարումը։ Այս ճամարտակութիւնները ոչ այլ ինչ են, եթէ ոչ թրքական տեսակէտներու սպասարկում եւ թուրքիոյ նախապայմաններու բաւարարում՝ այսպէս կոչուած «առանց նախապայմաններու» «լիարժէք կարգաւորման ուղղուած» բանակցութիւններու գործընթացին մէջ։
Սեփական նախընտրական ծրագիրը ուրացած, բայց եւ ժողովուրդի մէկ հատուածին այդ ծրագիրով մոլորեցնելու ճամբով իշխանութիւնը պահպանող քաղաքական ուժին ո՛չ ոք իրաւունք տուած է ապազգայնացնելու եւ ինքնիշխանութենէ զրկելու մեր պետութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախին կապող միջանցքին վրայ ազրպէյճանական ցանկացած անցակէտի տեղակայումը միանշանակ անընդունելի է, կը հակասէ միջազգային իրաւունքին եւ որեւէ պարագայի այդպիսի հարցը չի կրնար քննարկման առարկայ դառնալ։
Արցախը երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ ազրպէյճանի կազմին մէջ։
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ հնարաւոր բոլոր հարթակներու վրայ հետամուտ է միջազգային հանրութեան եւ պատկան կառոյցներու հասցէական գնահատականին ու համարժէք արձագանգի ապահովման, ինչպէս եւ յայտարարութիւններէն անդին գործուն քայլերու իրականացման։
Մեր աչքին առջեւ է մեզի համար նախապատրաստուած աղէտն ու արհաւիրքը։ Ազգային ինքնապահպանման բնազդը մեզի կը մղէ դէպի ըմբոստացում։ Դիմադրութիւնը այլընտրանք չունի։ Իւրաքանչիւր հայի պարտականութիւնն է նպաստել մեր փառապանծ բանակի հզօրացման։
Վերջին տարիներուն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը բազմաթիւ անգամներ միասնականութեան ու համախմբումի կոչ ըրած է, որ, դժբախտաբար, յաճախ մնացած է անարձագանգ։ Եւս մէկ անգամ հայոց ազգային ուժերուն կոչ կ՝ընենք մէկ կողմ դնելու տարակարծութիւնները եւ հայրենիքի օրհասական այս պահուն միաւորուելու՝ ներքին ու արտաքին վտանգին դիմակայելու, պետութեան ինքնիշխանութիւնը պահպանելու եւ հզօր Հայաստան կերտելու համար։
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
28 Ապրիլ, 2023 թ.