Ֆրանչիսկոս Պապը Գրիգոր Նարեկացին Անուանած է Համընդհանուր Համերաշխութեան Թարգման

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ապրիլ 26-ին, Վատիկանի Ս․ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած աւանդական գլխաւոր ունկնդրութեան ընթացքին՝ Ֆրանչիսկոս Պապը մասնաւորապէս անդրադարձած է Գրիգոր Նարեկացիին՝ զայն անուանելով համընդհանուր համերաշխութեան թարգման։ Այս մասին կը հաղորդէ Վատիկանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։

Խօսելով «Մատեան ողբերգութեան» աղօթքներու ժողովածուին մասին Ֆրանչիսկոս Պապը ըսած է, որ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հայ վանական էր, որ մեզի ձգեց աղօթքի գիրք, ուր ձուլուեցան հայ ազգի՝ քրիստոնէութիւնը ողջագուրող առաջին ժողովուրդի հաւատքը․․․»։ «Գրիգոր Նարեկացին համաշխարհային, համընդհանուր սիրոյ՝ որուն կոչուած են բոլոր քրիստոնեաները, փայլուն օրինակ է»։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ նշած է, որ հայ վանականը իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ Նարեկի Վանքին մէջ, ուր ան «սորվեցաւ ուշադրութեամբ զննել մարդկային հոգիին խորքը եւ, աղօթքն ու բանաստեղծութիւնը միաձուլելով, նշանաւորեց թէ հայ գրականութեան եւ թէ հայ հոգեւոր ժառանգութեան գագաթնակէտը»։

Հայ սուրբին մասին Հռոմի Պապի խօսքը արտացոլուած է «Վատիկան Նիւզ»-ի գրեթէ չորս տասնեակ լեզուներով, ինչպէս՝ արեւմտահայերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով, փորթուկալերէնով, ռուսերէնով, որոնց կարելի է ծանօթանալ՝ այցելելով հետեւեալ կայքերը․

https://www.vaticannews.va/…/hy-udienza-generale-26-04…
https://www.vaticannews.va/…/pope-audience-monks-nuns…
https://www.vaticannews.va/…/audience-generale-les…
https://www.vaticannews.va/…/papa-francisco-audiencia…
https://www.vaticannews.va/…/papa-udienza-generale…
https://www.vaticannews.va/…/papa-monashestvuyushie…

Ինչպէս յայտնի է, 2015թ․ Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագին ընթացքին Հռոմի քահանայապետը հայ միջնադարեան հոգեւորական-աստուածաբանը հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ, իսկ 2021թ․ Փետրուար 2-ին Ֆրանչիսկոս Պապի հրամանագիրով Հռոմէական գլխաւոր օրացոյցին մէջ, Փետրուար 27-ը ներառուեցաւ իբրեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակի օր։