«Յիշե՛նք Անցեալը, Պաշտպանե՛նք Ապագան»․ Ստեփանակերտի Մէջ Ջահերով Երթ

Հայաստան

Ապրիլ 23-ի երեկոյեան Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ աւանդական ջահերով երթ: «Յիշե՛նք անցեալը, պաշտպանե՛նք ապագան» խորագրով երթին մեկնարկը տրուեցաւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցուոյ բակէն եւ հարիւրաւոր հայորդիներ քալեցին դէպի Ստեփանակերտի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Զանգակատուն յուշակոթողը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ»-ը։

Աւելի քան 4 ամիս շրջափակման մէջ գտնուող Արցախ անգամ մը եւս շեշտեց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու, դատապարտելու անհրաժեշտութիւնը` նոր ցեղասպանութիւնները կանխելու համար:

Նախքան երթը, Սուրբ Յակոբ եկեղեցուոյ մէջ կատարուեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն: