Լաւագոյն Ֆիլմ եւ Լաւագոյն Իւրայատուկ Սենար. Հայկական «Գարուն ա…» Ֆիլմը Յաղթած է Պոսթընի Միջազգային Փառատօնին

Աշխարհ, Հայաստան

Պոսթընի միջազգային փառատօնին (Boston International Film Festival) «Գարուն ա…» ֆիլմը յաղթած է Լաւագոյն ֆիլմ եւ լաւագոյն իւրայատուկ սենար անուանակարգերուն մէջ։ Փառատօնը տեղի ունեցած է Ապրիլ 13-18։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:

«Գարուն ա…» ֆիլմի բեմադրիչը Ռոման Մուշեղեանն է, սենարի հեղինակը՝ Յարութ Ղուկասեանը։ Շարժանկարի գլխաւոր հերոսները երեքն են՝ պապ, որդի, թոռ։ Երեք սերունդ, երեք տարբեր բնաւորութիւններու տէր մարդիկ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՝արտացոլէ մերօրեայ հասարակութեան մտածելակերպը։ Պապը՝ Արամը, մասնագէտ զինուորական է, նախկին գնդապետ, ամբողջ կեանքը նուիրած է պետականութեան կառուցման գործին։ Անոր որդին՝ Գնէլը, պիզնէսմէն է. մինչ օրս չի ներեր հօրը հայրենիքը ընտանիքէն վեր դասելուն համար։ Թոռը՝ Լեւոնը, պարկեշտ երաժիշտ է, որ կ՝ոգեշնչուի իր պապի գաղափարախօսութեամբ։ Սակայն, հերոսի կեանքին մէջ ապագան եւ հայրենիքի նկատմամբ պարտքը կը բախին իրարու՝ ստեղծելով ֆիլմի հիմնական խնդիրը…

Անսպասելի պատերազմը Հայաստանի մէջ կը խառնէ երեք սերունդներուն անդորրը։ Ֆիլմիո ընթացքին մենք ականատես կ՝ըլլանք ամբողջ ազգի մը ողբերգութեան՝ ընտանիքի մը պատմութեան միջոցով…

Դերասաններն են՝ Ալեքսանդր Խաչատրեան, Լեւոն Հախվերդեան, Արմէն Մարգարեան, Մարջան Աւետիսեան, Եւա Զոհրաբեան, Շանթ Յովհանիսեան, Ալիս Կապլանջեան, Վահագն Մարտիրոսեան, Սաթենիկ Հազարեան, Նարինէ Պետրոսեան, Թումաջ Դանեշ Բեհզադի եւ այլք։