
Ֆրանսական Գուրպըվուա Քաղաքին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշարձան Պիտի Տեղադրուի
Ապրիլ 15-ին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը մասնակցած է փարիզամերձ Գուրպըվուա (Courbevoie) քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, որ կազմակերպած էր Գուրպըվուայի քաղաքային խորհուրդը՝ աւագանիի անդամ Ժան-Ժաք Սարաճեանի եւ Ֆրանսայի համար մարտնչած ֆրանսահայ զինուորներու ընկերակցութեան հետ համատեղ: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ Facebook-ի իր էջին միջոցով։
Գուրպըվուայի քաղաքային գերեզմանատան մէջ գտնուող Յիշատակի կոթողին առջեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգած եւ ծաղկեպսակներ խոնարհած են Գուրպըվուայի քաղաքապետ Ժաք Գոսովսքին, ծերակոյտի փոխնախագահ Ռոժէ Գարուչին, Օ-տը-Սեն բաժանմունքի ծերակուտական, Կեդրոնական կուսակցութեան նախագահ Էրվէ Մարսէյը, պատգամաւոր Ֆիլիբ Ժիւվէնը, Պուա-Գոլոմպի քաղաքապետ Իւ Ռեւիոնը, Իլ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի, Օ-տը-Սեն բաժանմունքի խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Սուսաննա Ադամեանը, քաղաքային աւագանիի ներկայացուցիչները:
Գուրպըվուայի քաղաքապետ Ժաք Գոսովսքին հանդիսաւոր կերպով յայտարարած է յաջորդ տարի քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան զետեղելու իր եւ Գուրպըվուայի քաղաքային խորհուրդի նախաձեռնութեան մասին։
Ոգեկոչման ելոյթներուն մէջ, Ֆրանսայի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները եւ տեղական իշխանութիւններու ղեկավարները, մասնաւորապէս, համերաշխութիւն եւ աջակցութիւն յայտնած են աշխարհաքաղաքական դժուար մարտահրաւէրներ առճակատող Հայաստանին, Լեռնային Ղարաբաղին եւ մասնաւորապէս, աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր Բերձորի միջանցքի շրջափակումով՝ ազրպէյճանական շրջփակման դիմակայող արցախահայութեան։
Զինուորական կարգով կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչման ներկայ եղած են նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ տեղի բնակիչները: