Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ-ն Անթուլատրելի Կը Համարէ ԱՀ Փաստացի Կարգավիճակը Կասկածի Տակ Դնող Յայտարարութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 5 խմբակցութիւնները տարածած են յայտարարութիւն՝ անթուլատրելի համարելով Արցախի Հանրապետութեան փաստացի կարգավիճակը կասկածի տակ դնող յայտարարութիւնները: Խմբակցութիւններուն համատեղ յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները կը վերահաստատեն ԱՀ ԱԺ 2022 թուականի Ապրիլ 14-ի որոշման այն շեշտադրումը, որ «ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի «խաղաղութեան» պատրուակով Արցախի համար անընդունելի կարգավիճակի, ինչպէս նաեւ՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած ինքնորոշման իրաւունքի բանակցային նշաձողը իջեցնելու»:

Արցախի ժողովուրդը ինքնորոշուելու իր որոշումը ընդունած է եւ պատմական բնօրրանին մէջ աւելի քան երեք տասնամեակ տէ-ֆաքթօ իրացուցած է միանշանակ եւ ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան դրոյթներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի համընդհանուր չափանիշներու պահանջներուն համապատասխան՝ առաջնորդուելով բացառապէս ժողովրդավարութեան սկզբունքներով։ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկման ենթակայ չէ:

Հակառակ միջազգային հանրութեան գործադրած ջանքերուն՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման, Ստեփանակերտ-պաքու բանակցութիւններուն միջոցով ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման, այնուամենայնիւ, ազրպէյճանի ղեկավարի՝ սպառնալիքներ ընդգրկող վերջին յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ այդ երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, քամահրելով միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներու կոչերն ու որոշումները, ցեղասպանական գործողութիւններով կը ձգտի հասնիլ իր հիմնական նպատակին՝ վերջնականապէս հայաթափել Արցախը:

Անընդունելի կը համարենք ՀՀ վարչապետին այն տեսակէտը, որ ան հնչեցուցած է ՀՀ Ազգային ժողովի Ապրիլ 18-ի նիստին, համաձայն որուն Հայաստանը լիարժէք կը ճանչնայ ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, փորձելով այդ ամէնը հիմնաւորել Մատրիտեան աշխատանքային փաստաթուղթին մէկ կէտով, 2022 թ. Հոկտեմբերին Փրակի եւ Սոչիի մէջ կայացած յայտնի հանդիպումներուն ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութիւններով, ինչպէս նաեւ հիմք ընդունելով Ալմաաթայի 1991 թ. Դեկտեմբեր 21-ի հռչակագիրը, անտեսելով հանդերձ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ փաստաթուղթը ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին առնչուող սկզբունքային վերապահումներով։

Փաստօրէն ՀՀ պաշտօնական շրջանակները Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման խնդիրը կը տարանջատեն անոր ինքնորոշման իրաւունքէն՝ անտեսելով վերջինիս վճռորոշ պարագան, որ իրականութեան մէջ համահունչ է պաշտօնական պաքուի դիրքորոշման, ըստ այդմ նպաստելով Արցախի ու Հայաստանի տարածքներու նկատմամբ ազրպէյճանի բացայայտ ու յարաճող նկրտումներու սաստկացման:

Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին անունով կը դիմենք.

• Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ վերստին կը յորդորենք՝ չշեղիլ ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի 1992թ․ Յուլիս 8-ի որոշման ուղեգիծէն, միեւնոյն ժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրելով այն կանխատեսելի հեռանկարին վրայ, որ Արցախի պետականութեան գլխուն կախուած վտանգը կործանարար սպառնալիք է նաեւ Հայաստանի պետականութեան համար։

• Աշխարհասփիւռ հայութեա՝ հաշուի առնելով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը շուրջ 130 օր կը գտնուի շրջափակման մէջ, համախումբ եւ վճռական ջանքերով, ամէն գնով կեանքի կոչել մեր համազգային ներուժը՝ սատար կանգնելով մեր ժողովուրդի աննահանջ պայքարին։

• Ռուսիոյ Դաշնութեան` լրացուցիչ դիւանագիտական եւ ռազմաքաղաքական միջոցներ ձեռնարկել մեզի համար խիստ կարեւոր խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքին, անկախ աշխարհաքաղաքական իրադրութեան արդի զարգացումներէն, վճռականօրէն թոյլ չտալ սպառնալի վտանգի տակ յայտնուի Արցախի ժողովուրդին յետագայ անվտանգութիւնը:

• Միջազգային հանրութեան՝ չսահմանափակուիլ տէ-ֆաքթօ կայացած Արցախի Հանրապետութեան աւելի քան 120 հազար խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ՝ ազրպէյճանի հանրապետութեան կողմէ շրջափակման կապակցութեամբ կարեկցանքի յայտարարութիւններով եւ դիմել միջազգային իրաւական չափանիշներով ամրագրուած գործնական միջոցներու:

• ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն՝ անկախ ձեր միջեւ հնարաւոր տարաձայնութիւններէն՝ ջանքեր գործադրել վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման միակ միջազգային իրաւագիր ունեցող ձեւաչափով բանակցութիւնները:

Ստեփանակերտ
19. 04. 2023 թ.
«Ազատ հայրենիք» խմբակցութիւն
«Միասնական հայրենիք» խմբակցութտւն
«Արդարութիւն» խմբակցութիւն
«ՀՅ Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն
«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւն»: