
պաքուի Բարբարոսական Վարչախումբի Երկու Բաշիպոզուկներու Վնասազերծման Հանգամանքը Կը Կոտրէ Թշնամական Քարոզչամեքենայի Երկու Առասպել. Ոսկանեան
Իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան կը գրէ․
«Հայաստանի տարածքին վրայ մեր սովորական քաղաքացիներուն կողմէ պաքուի բարբարոսական վարչախումբի երկու բաշիպոզուկներու վնասազերծման հանգամանքը կը կոտրէ թշնամական քարոզչամեքենայի երկու առասպել։
Նախ՝ ակնյայտ է, որ թշնամիին բանակը առանձնապէս ոչինչով փոխուած է. նոյն վախուորած եւ կիսասոված տեսքով բաշիպոզուկներն են, որոնցմէ պաքուի բռնապետի քարոզչամեքենան կը փորձէր լրատուական տիրոյթի մէջ, իբր, նաթոյական տիպի «ռազմատենչ» կերպար ստանալ։
Եւ երկրորդը, որ աւելի կարեւոր է. նոյնիսկ հասարակ հայ գիւղացիները ասոնցմէ ոչ միայն չեն վախնար, այլ՝ սառնասրտօրէն կրնան դատարկ ձեռքերով վնասազերծել պաքուի բռնապետի, իբր, «գովական» բանակի իրականութեան մէջ շարքային բաշիպոզուկները»։