
«Հայերու Արիւն Թափած Ենք»․ Հայաստանի Մէջ Ձերբակալուած ազրպէյճանցի Զինծառայողը Ուղիղ Կապ Հեռարձակում Կազմակերպած է
ազրպէյճանական բանակի երկրորդ զինծառայող Հուսէյն Ախլիման օղլու Ախունտովը, որուն 3 օրուան որոնումներէն ետք այսօր յայտնաբերուած է Սիւնիքի մարզի Աճանան գիւղէն 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։
Պարզուած է, որ ՀՀ տարածքին մէջ գտնուելու ընթացքին՝ հասարակական ցանցի իր էջին միջոցով ուղիղ հեռարձակում կազմակերպած եղած է։ Համացանցով տարածուած տեսանիւթով ան կը դիմէ իր հետեւորդներուն՝ ըսելով․
«Հայերու արիւն թափած ենք, գլուխ կտրած ենք։ Լաւ ենք, չենք մեռած ու տա Աստուած՝ չզոհուինք: Մենք հայրենիքի դաւաճան չենք, եթէ զոհուինք՝ մեզի դաւաճան չդարձնէք։ Յանուն հայրենիքի»։