
«Մայրութիւն եւ Յարութիւն». Ստեփանակերտի Մայր Տաճարին Մէջ Ցուցահանդէս եւ Հոգեւոր Համերգ Կազմակերպուած է (լուսանկարներ)
Ապրիլ 12-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) Արցախի թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին եւ Արցախի նկարիչներու միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր տաճարի ներքնասրահին մէջ կազմակերպուած է «Մայրութիւն եւ Յարութիւն» խորագիրով ցուցահանդէս եւ հոգեւոր համերգ։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Ձեռնարկին սկիզբը ազդարարած է Արցախի պետական ակադեմիական երգչախումբը՝ հնչեցնելով Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգը։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ՀԱԵ Արցախի թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տէր Վաչագան քահանայ Գիւրջեան:

«Բոլորս գիտենք, թէ ինչ նշանակութիւն ունեցած է եկեղեցւոյ ներքնասրահը 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, թէ ինչպէս յարակից շէնքերէն հարիւրաւոր մեր հայրենակիցներ քաղաքի հրթիռակոծման ժամանակ ապաստանած են այստեղ։ Բայց ֆիզիքական ապահովութեան վայրէն բացի, ներքնասրահը վերածուած է իւրայատուկ աղօթավայրի մը, ուր միասնական աղօթք կը հնչէ սահմանին կռուող մեր զինուորներուն համար։ Ահա այս գեղեցիկ իրողութիւնը Արցախի մեկուսացման պայմաններուն մէջ հիմքը դարձաւ այն տեսիլքին, որ եկեղեցւոյ ներքնասրահը կարելի է դարձնել հոգեւոր-մշակութային համախմբման վայր մը՝ ատով Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին դարձնելով մեր ժողովուրդին համար հոգեւոր ապաստարան։ Յարութեան եւ Աւետման տօներուն վերարժեւորման ցանկութեամբ, նաեւ այն համոզումով, որ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, մենք պէտք է շարունակենք արարել, ստեղծագործել եւ գեղեցկացնել մեր կեանքը, կազմակերպեցինք այս երեկոն։ Հայոց եկեղեցին իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին ծիսական, աղօթական եւ քարոզչական գործունէութեան զուգահեռ՝ շատ մեծ տեղ յատկացուցած է նաեւ մշակութային կեանքին, եւ դարեր շարունակ մեր մշակոյթը ապրած ու ծաղկած է նոյնինքն եկեղեցւոյ ծոցին մէջ»,- ըսած է Տէր Վաչագան քահանայ Գիւրջեան։
Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Արմէն Ղուկասեան, իր հերթին, ձեռնարկը համարած է եռատօն։


«Ստեղծուած է մշակութային խորհուրդ, եւ Արցախի թեմին հետ որոշեցինք այս հիասքանչ սրահին մէջ համատեղ կազմակերպել ձեռնարկ ու այսօր մենք ներկայ ենք եռատօնի։ Ցուցադրուած են 15 նկարիչներու մօտ 40 աշխատանքներ։
Կը կարծեմ, որ ձեռնարկը կայացած է, եւ մենք յետագային կը շարունակենք ձեւաւորուող աւանդոյթը»,- ըսած է Ա. Ղուկասեան։

Հոգեւոր ձեռնարկին ընթացքին հնչած են Կոմիտասի, Օռլանտօ Լասսոյի, Սվիրիտովի ստեղծագործութիւններէն։ Համերգը ամփոփուած է Կոմիտասի «Հայր Մեր»-ի կատարումով։


