ԱՄՆ-ն Պէտք է Պատասխանատուութեան Ենթարկէ ալիեւը․ Փալոն

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար Ֆրէնք Փալոնէն երէկուան միջադէպը որակած է  ազրպէյճանական ուժերու հերթական անիմաստ սադրանք Հայաստանի դէմ։

Ան Twitter-ի վրայ գրած է․ «ազրպէյճանը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ բազմիցս նախաձեռնած է յարձակման չհրահրուած գործողութիւններ, որոնք կ՝ապակայունացնեն տարածաշրջանը եւ գրեթէ անհնար կը դարձնեն խաղաղութիւնը։ ԱՄՆ-ն պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկէ ալիեւը»։