
ազրպէյճանը Կրակած է Տեղ Համայնքի Ուղղութեամբ․ Կան Զոհեր եւ Վիրաւորներ
Ապրիլ 11-ին, ժամը 16:00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները կրակած են Տեղ համայնքի հատուածին վրայ ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնող ՀՀ ԶՈւ զինծառայողներուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը դիմած է պատասխան գործողութիւններու:
Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ-ն։
Նախնական տուեալներով հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ:
19:00-ի դրութեամբ փոխհրաձգութիւնը էականօրէն նուազած է: Վարդենիսի ուղղութեամբ այս պահին գնդակոծութեան մասին լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան, յիշեալ ուղղութեամբ այս պահի դրութեամբ յարաբերականօրէն կայուն է:
ազրպէյճանական լրատուամիջոցներով տարածուող այն տեղեկութիւնները, թէ իբր հայկական կողմը կը կիրառէ իրանական անօդաչու թռչող սարքեր, չի համապատասխաներ իրականութեան. ՀՀ ԶՈւ սպառազինութեան մէջ իրանական անօդաչու թռչող սարքեր չկան:
ՀՀ ՊՆ