ազրպէյճանական Սադրանքին Հետեւանքով Հայկական Կողմը Ունի 4 Զոհ եւ 6 Վիրաւոր. ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանական սադրանքին հետեւանքով, հայկական կողմը ունի 4 զոհ եւ 6 վիրաւոր: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեանը:

«ազրպէյճանական կողմը ունի մեծաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Ժամը 20:30-ի դրութեամբ իրադրութիւնը առաջնագիծի վրայ յարաբերականօրէն կայուն է:

Իրադրութեան ցանկացած փոփոխութեան պարագային պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս պիտի գայ հաղորդագրութեամբ»,- գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ այսօր՝ ժամը 16:00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները  կրակած են Տեղ համայնքի հատուածին վրայ ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնող ՀՀ ԶՈւ զինծառայողներու ուղղութեամբ: Նախնական տուեալներով՝ հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ: Ըստ լրատուամիջոցներու՝ վիրաւորներուն մէջ է նաեւ Յատուկ բանակային բաժանմունքի հրամանատար Արմէն Գիոզալեանը:

Ըստ ՊՆ-ի հաղորդագրութեան՝ ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները կիրառած են նաեւ ականանետային  միջոցներ: