
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան Հնդկաստանի Մէջ Հնչեցուց Հայ Հեղինակներու Գործերը
«Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան խումբի երաժիշտ եւ շարք մը միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանը օրերս մենահամերգով հանդէս եկաւ Հնդկաստանի Թրիւանտրում քաղաքին մէջ` հնդիկ երաժիշտներու նուագակցութեամբ, ներկայացնելով Սայաթ Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի, այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններն ու մշակումները: Համերգային երեկոն տեղի ունեցաւ Kerala Arts and Crafts Village-ի կազմակերպուած WOW (World of Women) կանանց տօնին նուիրուած շաբաթուան ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։
«Կը փափաքէի, որ մէկ ժամէ աւելի տեւած համերգին միայն հայկական երաժշտութիւն հնչէր, սակայն, երբ այնտեղ էինք, մտածեցի, որ ճիշդ պիտի ըլլար՝ մէկ հնդկական գործ ներկայացնել, որ հնդիկ երաժիշտներուն նուագակցութեամբ կատարեց երգչուհի Ամռիթա Ռաճան: Կը նուագակցէին՝ թապլա նուագող Մահեշ Մանին, դաշնակահար Ռոհիտ Քրիշնան, Ճինշու Վարման, որ կը տիրապետէր եօթը նուագարանի՝ տարբեր ազգերու տարպուք, քահոն, ասալաթօ, ռէինստիք, չիմես, շաքերս, սփլեշ: Բոլորն ալ բարձրակարգ ու տաղանդաւոր երաժիշտներ էին: Ինծի հաճելի էր համագործակցիլ անոնց հետ: Չհասկնալով իրարու լեզուն` մենք խօսեցանք հոգիի եւ երաժշտութեան տիեզերական լեզուով»,- կը պատմէ քանոնահարուհին:
Ըստ Մարիաննային իր նպատակն էր երաժշտութիւնը հասցնել հանդիսատեսին եւ անմոռանալի ներուժ փոխանցել: «Կրցանք գերազանցել մենք մեզ»,- նշեց քանոնահարուհին եւ աւելցուց, որ մարդիկ շատ ջերմ ու հիւրընկալ էին, սիրած են զինք եւ իր արուեստը, Հայաստանը: Նոյնիսկ փորձած են հաղորդակցիլ հայերէնով: Համերգի աւարտին ձեռնարկին կազմակերպիչները Մարիաննա Գէորգեանին երախտագիտութեան նամակ, շնորհակալագիր եւ մրցանակ յանձնեցին: Քանոնը հետաքրքրած է ոչ միայն հնդիկները, այլեւ` անգլիացիները: «Պանդոկին մէջ իմ հարեւաններս անգլիացի զոյգեր էին: Երբ ծանօթացանք, անոնց շատ հետաքրքրեց քանոն նուագարանը, անոնք նոյնիսկ համերգին ներկայ ըլլալու ցանկութիւն յայտնեցին, մինչդեռ տոմսերը արդէն սպառած էին: Ըսի` կու գաք, եւ ինչպէս Հայաստանի մէջ ընդունուած է, կ՛ըսէք, որ Մարիաննա Գէորգեանի հիւրերն ենք եւ առաջին շարքը տեղեր ունիք: Այդպէս ալ ըրած էին: Շատ ուրախացայ, երբ համերգի ընթացքին նկատեցի զիրենք»,- յայտնեց քանոնահարուհին: