Յետպատերազմեան Ժամանակահատուածին Արցախի Մէջ Աւելի Քան 300 Խաչքար Յայտնաբերուած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Յետպատերազմեան ժամանակահատուածին Արցախի մէջ յայտնաբերուած է 300-էն աւելի նոր յուշարձաններ, խաչքարեր, արձանագիր եւ ոչ արձանագիր տապանաքարեր, եկեղեցիներու, մատուռներու աւերակներ, որոնք չեն հաշուառոուած պետական ցուցակներուն մէջ։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի՝ տեղեկացուցած է «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան տնօրէն Արմինէ Հայրապետեանը:

Անդրադառնալով շրջափակման հետեւանքով որոնողական աշխատանքներու խնդիրներուն՝ ան առանձնացուցած է փոխադրամիջոցներու վառելանիւթի պակասը, որուն պատճառով կազմակերպութեան կողմէ դաշտային աշխատանքները ժամանակաւորապէս դադրեցուած են:

«Մինչ շրջափակումը իրականացուած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք յատկապէս նորութիւններ գրանցուած են Մարտակերտի շրջանի Յարութիւնագոմեր եւ Վաղուհաս համայնքներու, Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղի տարածքներուն մէջ»,- մանրամասնած է Ա. Հայրապետեանը՝ աւելցնելով, որ որոնողական աշխատանքներուն երբեմն կը միանան նաեւ տեղացիները, որոնք պատահական որեւէ բան գտնելու պարագային անմիջապէս կը յայտնեն ծառայութեան:

«Ուրախութեամբ կ՝ուզեմ նշել, որ վերջերս տեղեկութիւններ հաղորդուած են Խաթրավանքի շրջակայքը յայտնաբերուած պարսպապատերու վերաբերեալ, որ կ՝ենթադրենք, որ կրնայ ըլլալ դիտակէտ-աշտարակ, ինչպէս նաեւ խաչքարերու վերաբերեալ ունինք տեղեկատուութիւն, սակայն շրջափակման պատճառով ու յատկապէս վառելանիւթի հետ կապուած դեռ չենք կրցած այցելել»,- ըսած է Ա. Հայրապետեանը:

Անդրադառնալով յայտնաբերուած խաչքարերու պահպանման պայմաններու հարցին, ՊՈԱԿ-ի տնօրէնը պատմած է, որ վերջերս հասարակական ցանցերու մէջ առաջարկուած է Վաղուհասի մէջ գտնուող ամենահին արձանագիր խաչքարերէն մէկը տեղափոխել Ստեփանակերտ ու տեղադրել եկեղեցւոյ բակին մէջ, սակայն, ըստ Հայրապետեանի, իւրաքանչիւր յուշարձան արժէքաւոր է եւ ըսելիք ունի, երբ կը գտնուի իր պատմական միջավայրին մէջ։

«Երբ յուշարձանը պատմական միջավայրէն կը տեղափոխես այլ վայր, թէ՛ յուշարձանը կը կորսնցնէ իր պատմական նշանակութիւնը, եւ թէ անկէ կը խեղաթիւրուի պատմամշակութային միջավայրը։ Կազմակերպութեան կողմէ գտնուած խաչքարերը ամրացուելէ ետք կը մնան իրենց տեղերը։ Հնարաւոր է, գալիք սերունդները զանոնք ուսումնասիրելու աւելի մեծ հնարաւորութիւն ունենան եւ իբրեւ արդիւնք աւելի մեծ տեղեկատւութիւն ձեռք բերեն»,- ընդհանրացուցած է Ա. Հայրապետեանը։