Միջազգային Հանրութեան Անգործութիւնը Հաւասարազօր է Լռելեայն Հաւանութեան, Եթէ Ոչ Յանցակցութեան Պաշտօնական պաքուի Հակամարդկային Գործողութիւններուն․ Արցախի ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

«Ապրիլ 4-ին տեղի ունեցած է Արցախի քաղաքացիներու իրաւունքներուն հերթական կոպտագոյն խախտումը, որ ի ցոյց կը դնէ Արցախի Հանրապետութիւնը (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն) աւելի քան 110 օր լիակատար շրջափակման մէջ պահող ազրպէյճանի իրական նպատակները: ազրպէյճանական կողմը թոյլ չէ տուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի մեքենաները անցնին Բերձորի միջանցքով, տեղափոխելու համար շրջափակման հետեւանքով Հայաստանի մէջ մնացած եւ իրենց ընտանիքներուն հետ վերամիաւորուելու հնարաւորութենէն զրկուած Արցախի քաղաքացիներուն: Բերձորի միջանցքին արգելափակուած հատուածին վրայ ազրպէյճանական կողմը կանգնեցուցած է մեքենաները եւ 5 ժամ շարունակ հոգեբանական ահաբեկման ենթարկած անոնց մէջ գտնուողները՝ յատկապէս կիներ, երեխաներ եւ տարեց մարդիկ: Այնուհետեւ ազրպէյճանը փորձած է մարդոց տառապանքները վերածել կեղծ մարդասիրական բեմադրութեան:

Տուեալ աղաղակող միջադէպը ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները անցած են Արցախի ցեղական զտման եւ պատմական հայրենիքէն անոր ժողովուրդի վտարման իրենց յանցաւոր ծրագրի յաջորդ փուլի իրագործման: Այս մտադրութիւններուն մասին հրապարակաւ յայտնած է ազրպէյճանի նախագահը 2023 թ. Յունուար 10-ին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին: Յետագային ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւնը բազմիցս կրկնած է այն սպառնալիքը, որ Արցախի բնակիչները պէտք է կամ ենթարկուին ազրպէյճանի հայատեաց իշխանութիւններուն, կամ լքեն սեփական հայրենիքը:

Բացարձակ անպատժելիութեան պայմաններու մէջ Արցախի ժողովրդին դէմ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող յանցաւոր գործողութիւնները կը ստանան առաւել սպառնալից բնոյթ եւ ծաւալներ: Մարդու իրաւունքներու այդքան լուրջ ոտնահարումներուն հանդէպ միջազգային հանրութեան անգործութիւնը հաւասարազօր է լռելեայն հաւանութեան, եթէ ոչ յանցակցութեան պաշտօնական պաքուի հակամարդկային գործողութիւններուն: Համապատասխան իրաւագիր եւ գործիքակազմ ունեցող ՄԱԿ ԱԽ կողմէ անյետաձգելի եւ վճռական միջոցներու ձեռնարկումը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է ապօրինի շրջափակման անյապաղ դադրեցման եւ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ Արցախի ժողովուրդին դէմ ազրպէյճանի շարունակուող յանցագործութիւններու կանխման համար»։