Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 29 Մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, դաշնակցական մտաւորական գործիչ Վազգէն Էթիեմեզեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով կայացաւ յիշատակի երեկոյ, որուն ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ անոր գրիչին պատկանող «Շաբթուան մտածումը» գիրքին շնորհահանդէսը:

Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Տօնիկ Տօնապետեան,որ դիտել տուաւ, թէ ձեռնարկին նպատակն է ոչ միայն դաշնակցական մտաւորական, հրապարակագիր, խմբագիր եւ կրթական մշակ Վազգէն Էթիեմեզեանի ծննդեան 80-ամեակը նշել, այլ առանձին գիրքով հրատարակութիւնն է անոր հրապարակագրական կարեւոր մէկ աշխատանքին, դաստիարակիչ ու ուսանելի բաժինին եւ այդ գիրքին ներկայացումն է նոր սերունդին, որ այսօր այնքա՜ն կարիքը ունի նման հրատարակութիւններու` իբրեւ յանձնառու հայ եւ գաղափարական մարդ կազմաւորուելու համար:

Ան դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին մտածումն էր այս գիրքին հրատարակութիւնը, որ իրականացաւ` խմբագրութեամբ Վիգէն Աւագեանի, մեկենասութեամբ անանուն ընկերոջ մը, գործակցութեամբ Վազգէն Էթիեմեզեանի ընտանիքին, զաւակներուն, որոնք յանձնախումբին տրամադրեցին իրենց հօր մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն կարեւոր մէկ բաժինը, նաեւ` լուսանկարները եւ իրենց վկայութիւնները ներկայացնող տեսանիւթ մըն ալ փոխանցեցին:

Ապա ցուցադրուեցաւ Վազգէն Էթիեմեզեանի կենսագրական գիծերը ծանօթացնող տեսերիզ մը, անկէ ետք Վազգէն Էթիեմեզեանի «Շաբթուան մտածում»-ներէն ընթերցումներ կատարեց Սեւակ Քենտիրճեան:

Խօսք առաւ հատորի խմբագիր Վիգէն Աւագեան, որ նախ ներկայացուց նոր լոյս տեսած Վարազդատի` Վազգէն Էթիեմեզեանի «Շաբթուան մտածումը» ակնարկներուն շարքը, որ կը կազմէ 109 գրութիւն, լոյս տեսած` «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի 1981-1985 տարիներու թիւերուն մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Վ. Էթիեմեզեանի  հրապարակագրական վաստակին մէկ մասն է միայն այս շարքը, որ այսօր ամփոփուած է 344 էջնոց հրատարակութեան մը մէջ, աւելցնելով, որ ընկեր Վազգէն հայ մամուլին ժառանգած է աւելի քան 300 գրութիւն, որոնցմէ 109-ը` «Շաբթուան մտածումը» վերտառութեան տակ, 70-ը` քաղաքական-քաղաքագիտական, ընկերային-գաղափարական բնոյթով, իսկ 107-ը` գրական-գրականագիտական սեռին պատկանող: Ունի նաեւ քաղաքական շաբաթական անդրադարձներ` օրուան գլխաւոր իրադարձութիւններուն շուրջ:

Վ. Աւագեան 53 տարեկանին կեանքէն անժամանակ հեռացած Վ. Էթիեմեզեանի ստեղծագործական կեանքը բաժնեց երեք հիմնական փուլերու. առաջինը` 1964-1968 տարիներ, «Սփիւռք» եւ «Ահեկան» պարբերաթերթերու աշխատակցութեան փուլ, երբ անոր գրութիւնները ունին զուտ գրական բնոյթ: Երկրորդ փուլը 1978-1979 տարիներն են, նախ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի եւ ապա` «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամակցութեան շրջան, երբ 35-ամեայ երիտասարդը գրական-գրականագիտական իր յօդուածներուն առընթեր, մամլոյ էջերուն կը սկսի ներկայանալ նաեւ ազգային-քաղաքական բնոյթի գրութիւններով` աչքի զարնելով իբրեւ լրջախոհ մտաւորական, որուն խօսքն ու դատումը կ’ունենան յատուկ խորք եւ կշիռ: Իսկ երրորդ փուլը, որ ամէնէն բեղունն ու հարուստն է, 1981-1985 երկարող հնգամեակն է, երբ Վազգէն Էթիեմեզեանի Ն. Դիմաքսեան ստորագրութեամբ գրական յօդուածներ կը ստորագրէ «Բագին» ամսագիրին մէջ, իսկ Վարազդատ, Վ. Է. եւ Վ. Էթիեմեզեան ստորագրութիւններով կը ներկայանայ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի եւ «Ազդակ»-ի էջերով: Մաս կը կազմէ նաեւ ՀՅԴ մամլոյ դիւանի աշխատանքներուն, անոր հետաքրքրութիւններուն ծիրը չափազանց լայն է` ազգային մտահոգութիւններէ մինչեւ պատմական անդրադարձներ, գաղափարական հարցերէ մինչեւ Հայ դատի խնդիրներ, խորհրդածութիւններ եւ իմաստասիրական-փիլիսոփայական մտորումներ:

Վ. Աւագեան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ իր կարճատեւ կեանքին ընթացքին Էթիեմեզեան հայ գրականութեան եւ հրապարակագրութեան կտակած է հինգ հատորի բովանդակութեան համարժէք նիւթ, որոնց վրայ կու գան աւելնալու տարբեր առիթներով իր ներկայացուցած դասախօսութիւնները, Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի եւ դպրեվանքի մէջ դասաւանդած նիւթերուն` հոգեբանութեան, իմաստասիրութեան եւ տրամաբանութեան նոթերը: Ան դիտել տուաւ, որ այս հատորին զուգահեռ, այժմ Քանատայի մէջ պատրաստութեան մէջ է Վազգէն Էթիեմեզեանի գրական աշխատանքները ծանօթացնող հատորը` խմբագրութեամբ Յարութիւն Պէրպէրեանի, որ լոյս կը տեսնէ Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան «Օշական» մատենաշարին հրատարակութեամբ:

Աւագեան շեշտեց, որ Վազգէնի բոլոր գրութիւնները մէկտեղուած ու գրաշարուած են արդէն եւ կը սպասեն յարմար մեկենասներու` առանձին հատորներով լոյս տեսնելու համար:

«Ընկեր Վազգէն եղաւ առաւելաբար մտածումի մարդ, ան մտածեց եւ տեւաբար մտածումի մղեց շուրջինները: Իւրաքանչիւր «Շաբթուան մտածում» անպայման մտածումի գրգիռ մը, միտք պեղող հարցադրում մը ունի իր մէջ: Ընկեր Վազգէն քառակուսիէն դուրս դիտող եւ մտածող մարդն է, այդ իսկ պատճառով ալ յաճախ անհասկնալի է շատերու համար, այլախոհ մը` ուրիշներու համար, իսկ ժամանակէն առաջ ապրած փիլիսոփայ մը` հաւանօրէն: Իբրեւ սեռ` «Շաբթուան մտածումը» կը պատկանի հրապարակագրութեան սահմանումի ժանրին, որով ան կը փորձէ սահմանել ազգային-քաղաքական յղացքներ, մեր կեանքին թիւրն ու թերին լուսարձակի տակ առնող երեւոյթներ եւ, առհասարակ, ազգային-գաղափարական մեր պայքարը հունաւորող սկզբունքներ: Ընկեր Վազգէն սեփական համոզումի եւ սկզբունքի մարդն է, անկասկա՛ծ: Ան օժտուած է շրջապատի երեւոյթները ընկալելու, ըմբռնելու եւ մեկնաբանելու իւրայատուկ կարողութեամբ», նշեց Վիգէն Աւագեան` աւելցնելով, որ ճշմարիտ մտաւորական է ան, վերլուծող եւ ճշգրտող մարդ, որակ եւ պաշար ունեցող անձ է, գաղափարական խիզախ կեցուածքով եւ սուր գրիչով,  տեւական տագնապ, ձգտում եւ պահանջ ունեցող դաշնակցական, որ գիտցաւ տալ բառին իսկական եւ ամբողջական առումով, այդպիսով ալ ան լուսաւորեց իր շրջապատը եւ անջնջելի անուն ու վաստակ ձգեց գալիք սերունդներուն:

Ապա ջութակի վրայ նուագով հանդէս եկաւ Արմէն Ճէնտէրէճեան:

Օրուան բանախօս Կարօ Յովհաննէսեան իր խօսքին սկիզբը շեշտեց, որ բազմակողմանի է Վազգէն Էթիեմեզեանի վաստակը` գրական-գեղարուեստական, իմաստասիրական, գրականագիտական, հրապարակագրական եւ դասախօսական մարզերուն մէջ, բայց կարմիր թելի պէս կը շեշտուի իմաստասիրական երանգը, որ կը լեցնէր նաեւ անոր ամբողջ կեանքն ու էութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Վ. Էթիեմեզեան մտաւորական էր բառին ամէնէն խորահայեաց եւ ազնուագոյն իմաստով, անոր գրութիւնները լեցուն էին մտածումներով եւ գաղափարներով, որոնք արգասիքն էին իր մշակուած միտքին ու յարատեւ աշխատանքին: Ան նաեւ խոր պաշտամունք ունէր իմացականութեան նկատմամբ, ունէր իմացական լայն ու ուժեղ կարողութիւն, որուն կ՛ընկերակցէր նոյնքան զօրաւոր բարոյականութիւն մը, զորս ի գործ կը դնէր ճշմարտութիւնները որոնելու եւ յայտնագործելու: Վ. Էթիեմեզեանի այլ առանձնայատկութիւնը ստեղծագործ, ինքնատիպ, յատուկ ոճի ու մատուցման ձեւի տէր ըլլալն է, անոր հոգեկան-մտային աշխարհին մէջ կը փոթորկէր «վահագնեան ըմբոստութեան արարիչ ոգին», կը դատապարտէր յատկապէս իտէալ չունեցող եւ գրքունակ մտաւորականի տիպարը: Կ. Յովհաննէսեան վկայեց, որ անոր յատկանիշներէն էին նաեւ աշխատասիրութիւնը` բծախնդրութեամբ եւ լրջութեամբ տարուող, յանձնառու մտաւորական ըլլալը` պարկեշտ ու մարդկային, առարկայական հիմերու վրայ քննադատութիւն կատարող` հեռու նախապաշարումներէ:

«Վազգէն ջերմ պաշտպան էր երիտասարդութեան: Իր երիտասարդութիւնը, թէեւ ինք արդէն երիտասարդ տարիքին մեռաւ, եղաւ տառապալից, բաւական արհեստներու մէջ տարուբերելով: Տեսլականի տէր երիտասարդ Վազգէնը քաջալեր հանդիսացաւ երիտասարդ այն տղոց, որոնք տեսլական ունէին», ըսաւ բանախօսը` նշելով, որ ան դէմ կ՛արտայայտուէր այն խմբագիրներուն ու պատասխանատուներուն, որոնք տեղ չէին տար երիտասարդութեան եւ արգելք կը հանդիսանային անոնց թռիչքին:

Կարօ Յովհաննէսեան ըսաւ, որ Վ. Էթիեմեզեան ստորագրեց բազմաթիւ յօդուածներ, գրախօսականներ եւ քննադատական էջեր, խմբագրեց բազմաթիւ գիրքեր` երբեք տեղքայլի մէջ չմնալով, ան հպարտ էր, բայց` երբեք փառամոլ: Ան գիտէր իր անձը արհամարհել` գերագոյն նպատակի ի խնդիր, կը գիտակցէր, որ այդ նպատակը ամէն բանէ առաջ կը կազմէր հաւաքական արժանապատուութիւնը: Ան հաւատարիմ ծառան էր գաղափարին, որով կը պայքարէր ստրկամտութեան, հեղգ նիւթապաշտութեան, անմիջական հանգիստի, վարձատրութեանց շռայլանքի ակնկալութեան եւ նուազ քան յեղափոխական կենցաղի դէմ:

«Վազգէնին հրապարակագրութիւնը էովին յեղափոխական էր: Իր յօդուածներով ան կ՛ուզէր, որ ժողովուրդը վերադառնայ իր ինքնութեան, գիտակից ըլլայ իր ինքնութեան: Ինքզինք ըլլայ: Կոչ կ՛ուղղէր, որ մեր ժողովուրդէն չխլուի առնականութիւնը «քաղաքակիրթ» երկիրներու կողմէ, որոնք կ՛աշխատին անդիմագիծ դարձնել մեզ, որպէսզի չդիմադրենք, չկամենանք եւ չպայքարինք: Ի վերջոյ, չվերածուինք լուսանցքային ժողովուրդի մը` մայթեզրին փռուած, անինքնավստահ ու վախկոտ: Հո՛ս է, որ ան յառաջ կը մղէր քաղաքականացման անհրաժեշտութիւնը», նշեց բանախօսը:

Կարօ Յովհաննէսեան լուսարձակի տակ առաւ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ»-«Դրօշակ»-ի մէջ Վազգէն Էթիեմեզեանի վերջին յօդուածը, որուն խորագիրն էր «Հրաժարի՛մք», ուր կոչ կ՛ուղղէ  հրաժարելու հաճոյապաշտութենէ, եսակեդրոնութենէ, «առանձնաշնորհեալ ու չարաշահ իշխանաւորներու եւ մարդկային արդար իրաւունքներ բռնաբարող կապտումներէն»: Բանախօսը շեշտեց, որ այդ յօդուածին մէջ տեղ գտած մտածումները գրուած են 38 տարիներ առաջ, սակայն կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը. արդարեւ, եթէ ան այսօր ողջ ըլլար, ետ պիտի առնէր իր «Հրաժարի՛մք»-ը եւ նոր մը պիտի շարադրէր, ուր առաջին հերթին պիտի հրաժարէր գերհաճոյապաշտութենէն, որ անձնասպանութեան կ՛առաջնորդէ դատ ունեցող ժողովուրդ մը, երկրորդ` երանի պիտի տար իր օրերու եսակեդրոնութեան եւ այսօր պիտի ըսէր` հրաժարիմք նարկիզականութենէն, որ հոգեկան անդարմանելի ախտ է, եւ որ` դէպի մահ կ՛առաջնորդէ մարդկային ընկերութիւններն ու հաւաքականութիւնները:

Երրորդ` Վազգէն Էթիեմեզեան ութսուն տարեկանին անտարակոյս ետ պիտի առնէր հրաժարիմքի իր երրորդ եւ վերջին մասը, որ կը վերաբերի առաձնաշնորհեալ ու չարաշահ իշխանաւորներուն եւ անվարան պիտի ըսէր` հրաժարիմք ամէնէն տկար, անմակարդակ եւ շատ անխիղճ քաղաքացիներով ղեկավարուող կառավարութենէն, նաեւ` գողերու կառավարութենէն, այսինքն` փտածութեան ախտէ բռնուած քաղաքագէտներէ, որոնք գաղտնօրէն կը հարստանան օրէնքի սահմաններէն դուրս, անօրէն ամէն ձեւերով:

«Նշեալ երկու տեսակ կառավարութիւնները, այսօր, յատուկ են ոչ միայն Երրորդ աշխարհի երկիրներուն, այլ նաեւ` մեծ պետութիւններուն, ի բաց առեալ երկրագունդի շուրջ տասը երկիրներ:  Վազգէն, ութսուն տարեկանին, իր այս մտածումներով կրնար ծայրայեղ թուիլ, բայց ես մասնակից եմ այս մտածումներուն` ըսելու համար. հրաժարիմք ի սատանայէ, որ կը ներկայանայ նշեալ երեք թեւերով, եւ ապա դառնանք եւ յայտարարենք. թող պայքարը ըլլայ համատարած», եզրափակեց Կարօ Յովհաննէսեան:

Ներկաները դիտեցին Վազգէն Էթիեմեզեանի մասին վկայութիւններ ներկայացնող տեսանիւթը, իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ նոր լոյս տեսած հատորին շնորհահանդէսը:

«ԱԶԴԱԿ»