Արարատեան Հայրապետական Թեմի Եկեղեցիները Նշեցին Ծաղկազարդը

Հայաստան

Ապրիլ 2-ին Հայ Առաքելական եկեղեցին նշեց Ծաղկազարդի տօնը: Անիկա կը խորհրդանշէ Քրիստոսի հրաշափառ մուտքը Երուսաղէմ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ՝ Ծաղկազարդը հռչակուած է Մանուկներու օրհնութեան օր:  Ս. Պատարագի աւարտին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ:

Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի օրհնութեամբ՝ թեմի շարք մը եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Պատարագի աւարտին, կազմակերպուեցան նաեւ տօնական միջոցառումներ:

Արաբկիրի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ յարակից տարածքին մէջ, Ծաղկազարդի առիթով կազմակերպուած գեղեցիկ տօնական միջոցառման զուգահեռ, կազմակերպուած էր նաեւ կաւճանկարչութեան մրցոյթ:

Դաւթաշէնի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կաւճանկարչութեան մրցոյթ եւ տօնական միջոցառում՝ Կիրակնօրեայ դպրոցի  երեխաներուն մասնակցութեամբ։

Նորագաւիթի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, կիրակնօրեայի երեխաներու եւ համայնքի բնակիչներու մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ ծառատունկ։ Երեխաներուն համար եկեղեցւոյ բակին մէջ կազմակերպուած էր կաւճանկարչութեան մրցոյթ։

Ինչպէս Երեւանի Ներքին Չարբախի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, այնպէս ալ Նուպարաշէնի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած էր Ծաղկազարդին նուիրուած տօնական համերգ եւ կաւճանկարչութեան մրցոյթ՝ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն մասնակցութեամբ:

Ներքին Շենգաւիթի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բակին մէջ կազմակերպուած էր միջոցառում, որուն ժամանակ երեխաները հնարաւորութիւն ունեցան ցուցադրելու իրենց ձեռքի աշխատանքները։

Արարատեան Հայրապետական թեմի տեղեկատուական բաժին