ազրպէյճանի ԶՈւ-ն Անցեալ Գիշերը Փակած է Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանի զինուժը անցեալ գիշեր փակած է Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին`  Աղաւնոյ եւ Տեղ գիւղերուն միջեւ:

Արդէն պատրաստ է փակուած ճանապարհը շրջանցող՝ Սիւնիքի մարզի Տեղ-Կոռնիձոր գրունտային նոր ճանապարհը, որ կը միանայ 2022թ. Օգոստոսին շահագործման յանձնուած նոր՝ Կոռնիձոր-Հին Շէն ճանապարհին («Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին»): Տեղ-Կոռնիձոր նշուած ճանապարհի ասֆալթապատման աշխատանքները Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ընթացքի մէջ են։

ՆԳ նախարարութիւնը կ՝իրազեկէ, որ Տեղ-Կոռնիձոր գրունտային ճանապարհը երթեւեկելի է, եւ, հաշուի առնելով Արցախի շարունակուող շրջափակումը, անով հնարաւոր է իրականացնել Արցախի մարդկայնական մատակարարումները ռուս խաղաղապահներու եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ: Այդ ճանապարհը, ի դէպ, Արցախի Հանրապետութեան սահմանին՝ Հակարի գետի կամուրջին մօտ կը վերահսկուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ։

Յիշեցնենք, որ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր, ազրպէյճանական կողմը փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միջպետական մայրուղիի Շուշիի հատուածը։ Եւ արդէն 108 օր շարունակ Արցախի բնակչութիւնը զրկուած է արտաքին աշխարհի հետ կապէն:

ԱՀ ներքին գործերու նախարարութիւն