Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնաժողովը Ընդունած է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբին Պաշտպանած Բանաձեւը

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի մամլոյ հաղորդակցութեան համաձայն՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ սատարուած հակաշրջափակման AJR 1 բանաձեւը, որ կը դատապարտէ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի 100-օրեայ շրջափակումը, ընդունուած է Քալիֆորնիոյ Համագումարի (Խորհրդարան) դատական յանձնաժողովին կողմէ՝ երկկուսակցական ճնշող աջակցութեամբ:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տեղական ղեկավարները ներկայ էին յանձնաժողովի լսումներուն ժամանակ եւ ցուցմունք տուին ի պաշտպանութիւն բանաձեւի արագ ընդունման, որ կը վերահաստատէ Քալիֆորնիոյ կողմէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՝ընէ շտապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու արցախահայութեան եւ Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՝ընէ պատասխանատուութեան ենթարկելու ազրպէյճանը իր յարձակման համար՝ կիրառելով պաքուին տրամադրուող ռազմական օգնութեան 907-րդ յօդուածին սահմանափակումները:

«Ասիկա խիզախ քայլ է՝ դատապարտելու ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը, եւ Քալիֆորնիոյ հաւատարմութեան վերահաստատումը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին կը խօսի մեր արժէքներու էութեան մասին՝ իբրեւ ամերիկացիներ եւ իբրեւ Քալիֆորնիոյ բնակիչներ»,- ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Սան Ֆրանսիսքոյի ներկայացուցիչ՝ Խաչիկ Թազեանը յանձնաժողովին առջեւ։ «Այս բանաձեւով եկէք համոզուինք, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը եւ մեր հարկային տոլարները թոյլ չեն տար ազրպէյճանի յարձակումը հայ ժողովուրդին դէմ, քանի որ ալիեւի վարչակարգը կ՝իրականացնէ այս ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան քիթին տակ»:

Հայ Դատի Յանձնախումբի Պըրպէնքի Մասնաճիւղի երկարամեայ ղեկավար՝ Անդրանիկ Ջարչաֆճեանը խօսած է ամերիկահայ համայնքի եւ շրջափակումէն տուժած Արցախի ժողովուրդին միջեւ խոր կապերուն մասին: «Արցախի 120,000 բնակիչներուն մէջ է իմ որդին, որ ծնած եւ մեծցած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ եւ տեղափոխուած Հայաստան՝ օգնելու գիւղական համայնքներուն։ Անոր Հայաստան ժամանելէն անմիջապէս ետք ազրպէյճանը սկսաւ իր յարձակումը Արցախի վրայ, իսկ որդիս մնաց օգնելու տեղահանուած փախստականներուն: Մինչ շրջափակումը, ան կ՝ապրէր Արցախի մէջ՝ մարդասիրական աշխատանքով եւ դրամահաւաքով պատերազմէն տուժած համայնքներուն համար։ Հիմա ան կնոջ եւ մեր 16 ամսական թոռնուհիին հետ 100 օրէն աւելի շրջափակման մէջ է»։

Համագումարի անդամ Քրիս Հոլտենին միացան համագումարի անդամներ՝ Լաուրա Ֆրիտմանը, Վենտի Գարիլէոն, Լիզա Գալտերոնը, Մեկան Տալը, Մայք Կիփսընը, Մայք Ֆոնկը, Թոմ Լաքին, Քոթի Փեդրի-Նորիսը, Էլոիզ Կոմէս Ռեյէսը, Լուզ Ռիւասը եւ Պլանքա Ռուպիոն՝ իբրեւ համահեղինակներ։ Բանաձեւը Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտին նաեւ համատեղ կը ներկայացնէ ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոն, որուն համահեղինակներն են ծերակուտականներ Պապ Արչուլեթան եւ Սքոթ Ուիլքը:

Ներկայացուցիչ Ֆրէնք Փալոնը, Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահը, նոյնպէս վերջերս Քոնկրեսին նամակ ուղղած է պետական-արտաքին գործողութիւններու գծով յատկացումներու ենթայանձնաժողովի նախագահ Մարիօ Տիազ Պալարդին եւ վարկանիշային անդամ Պարպարա Լիին կոչ ընելով դադրեցնելու ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին եւ կոչ ընելով 50 միլիոն ԱՄՆ տոլարի շտապ օգնութիւն տրամադրելու Արցախին՝ տարածաշրջանի 120,000 հայերու մարդասիրական եւ վերականգնման կարիքները բաւարարելու եւ 100 միլիոն, ԱՄՆ տոլար՝ անվտանգութեան, տնտեսական, կառավարման եւ օրէնքի գերակայութեան համար։ դէպի Հայաստան։

AJR 1-ը քննարկման պիտի դրուի Քալիֆորնիոյ համագումարի նիստերու դահլիճին մէջ Հինգշաբթի, Մարտ 30-ին:

Շրջափակման առաջին օրէն Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ անոր տեղական մասնաճիւղերը կ՝աշխատին Սպիտակ տան, Պետական բաժանմունքի եւ Քոնկրեսի ղեկավարներուն հետ՝ կոչ ընելով անոնց դադրեցնելու ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին եւ շտապ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու Արցախ: Հազարաւոր մարդիկ արդէն օգտուած են ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի առցանց փորթալէն՝ զանգահարելու եւ գրելու Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսի ղեկավարներուն՝ անյապաղ լուծելու արցախեան այս ընդլայնուող մարդասիրական ճգնաժամը: