Այս Որոշումը Ուղղուած է Ընդդէմ Հայոց Պետականութեան Շահերուն․ Ռուսաստանի Հայերու Միութիւն
Ռուսաստանի հայերու միութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի․
«Մարտ 25-ին, Ռուսաստանի հայերու միութիւնը հրաւիրած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի կողմէ ՄՔԴ-ի Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման հետ կապուած հարցը։
Հակառակ այն հանգամանքին, որ ՀՀ Ազգային ժողովը դեռ չէ քննարկած այս հարցը (որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ միայն խորհրդարանին կողմէ վաւերացուելէ ետք), այս քայլը չափազանց բացասաբար ընկալուեցաւ հայ հասարակութեան մէջ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ռուսիոյ։
ՌՀՄ հանդիպման մասնակիցներուն դիրքորոշումը հետեւեալն է.
Այս որոշումը, առաջին հերթին, ուղղուած է ընդդէմ հայոց պետականութեան շահերուն, Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան, որ այսօր, ի հեճուկս ամէն ինչի, կ՝երաշխաւորէ ու կ՝ապահովէ նոյնինքն Ռուսիան։ Անոր հետ Հայաստանը կապուած է երկկողմ յարաբերութիւններով՝ ռազմավարական դաշինք, տնտեսական եւ մարդկայնական ոլորտներու մէջ եւ այլ (102-րդ զինուորական կեդրոն, սահմանապահներ, խաղաղապահներ, շարք մը կենսական նշանակութեան ապրանքներ եւ այլն), բայց նաեւ ՀԱՊԿ եւ ԵԱՏՄ շրջանակներու մէջ։
Ռուսաստանի հայերու միութիւնը կ՝ակնկալէ, որ ՀՀ Ազգային ժողովը քուէարկելու ընթացքին առաջին հերթին կարեւոր պիտի համարէ Հայաստանի քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ շուրջ երեք միլիոնանոց հայ համայնքին շահերը. համայնք, որմէ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի բնակչութիւնը կը ստանայ զգալի տնտեսական օգնութիւն։
Հաշուի առնելով հանրային ընդվզումը, կը կարծենք, որ ե՛ւ Հայաստանի քաղաքացիները, ե՛ւ սփիւռքահայերը շահագրգռուած պիտի ըլլան գիտնալու ՀՀ վարչապետի եւ նախագահի դիրքորոշումը, որոնք կրնան հրապարակայնօրէն արտայայտուիլ այս հարցին շուրջ, քանի որ անիկա քաղաքական է իր բնոյթով եւ չի վկայեր իբր ժողովրդավարութեան եւ Հայաստանի դատական համակարգի անկախութեան դրսեւորման մասին, ինչպէս կը փորձեն ներկայացնել շարք մը հակահայ գործիչներ։
ՌՀՄ-ն կոչ կ՝ընէ Հայաստանի իշխանութիւններուն ցուցաբերելու համակողմանի հաւասարակշռուած մօտեցում եւ վերանայելու Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման հարցը»։
