Արցախի ԱԳՆ-ն Պատասխանած է ազրպէյճանի՝ ԱՀ Ներկայացուցիչներու Հետ պաքուի Մէջ Հանդիպելու Առաջարկին
ազրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներու միջեւ պաքուի մէջ Ապրիլի սկիզբը հանդիպում իրականացնելու վերաբերեալ ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հերթական առաջարկին կապակցութեամբ անհրաժեշտ կը համարենք վերահաստատելու Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն սկզբունքային դիրքորոշումը ազրպէյճանական կողմին հետ հնարաւոր քննարկումներուն, անոնց կազմակերպման եղանակներուն եւ նպատակներուն վերաբերեալ։ Այս մասին նշուած է ԱՀ ԱԳ նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Արցախի Հանրապետութիւնը մշտապէս հանդէս եկած է եւ կը շարունակէ հանդէս գալ երկխօսութեան եւ առկայ բոլոր խնդիրներուն խաղաղ, բանակցային ճանապարհով լուծման օգտին։ Մենք երբեք չենք հրաժարած ազրպէյճանական կողմին հետ շփումներէն, որուն ապացոյցն են Արցախի եւ ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ իրականացուած հանդիպումները Արցախի մէջ տեղակայուած ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ:
Հանդիպման վայրի եւ օրակարգի հետ կապուած ազրպէյճանական կողմին հնչեցուցած պայմանները, ինչպէս նաեւ համատեքստը, որուն մէջ ներկայացուած է տուեալ առաջարկը, կը վկայեն, որ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն նպատակը ոչ թէ առկայ խնդիրներուն շուրջ իրական քննարկումն է, այլ հնարաւոր երկխօսութեան խաթարումը կամ հարկադրանքի, շրջափակման, կեանքի անտանելի պայմաններու ստեղծման եւ ռազմական ուժի կիրառման միջոցով սեփական քաղաքական օրակարգի պարտադրումը։ Այդ կապակցութեամբ հարկ կը համարենք յիշեցնելու, որ երեք օր առաջ՝ Մարտ 25-ին, ազրպէյճանի զինուած ուժերը, կոպտօրէն խախտելով 2020թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, հատած են շփման գիծը եւ առաջխաղացում կատարած դէպի Արցախի Հանրապետութեան տարածքին խորքը՝ Ստեփանակերտ-Լիսագոր գրունտային ճանապարհին ուղղութեամբ։ Աւելին, Մարտ 27-ին, ազրպէյճանի զինուած ուժերը մէկ անգամ եւս փորձած են վերահսկողութեան տակ առնել նշուած ճանապարհը, որ Շուշիի շրջանի համայնքներուն եւ հանրապետութեան այլ բնակավայրերուն միջեւ արտակարգ կապի միակ հնարաւորութիւնն է շրջափակման պայմաններուն մէջ։
Կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը, նախորդ հանդիպումներուն իրականացման արդէն իսկ ձեւաւորուած փորձին համաձայն, Արցախի մէջ ՌԴ խաղաղապահ առաքելութեան միջնորդութեամբ եւ անոնց հրամանատարութեան տեղակայման վայրին մէջ հանդիպելու ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու Արցախի ժողովուրդին բնականոն կենսագործունէութեան ապահովման եւ կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններուն պատշաճ իրականացման, մասնաւորապէս, Բերձորի միջանցքի անխափան գործունէութեան հետ կապուած հարցերը։ Այս ծիրէն ներս առաջնահերթ կը համարենք Բերձորի միջանցքով Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի վերաբացման եւ շրջափակման հետեւանքով յառաջացած մարդկայնական, ենթակառուցուածքային եւ այլ հրատապ խնդիրներու լուծումը։ Արցախի իշխանութիւնները բաց են նաեւ այլ հարցերու քննարկման համար, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան ոչ թէ ազրպէյճնական կողմի պատրաստ լուծումներու պարտադրման, այլ՝ իրավիճակի կայունացման եւ լարուածութեան յետագայ սրումը կանխելու ուղղութեամբ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնման։
Կրկին կ՝ընդգծենք, որ Բերձորի միջանցքի շրջափակման շարունակումը եւ Արցախի մէջ մարդկայնական ճգնաժամի սաստկացումը անընդունելի են եւ ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն երկխօսութեան համար բարենպաստ մթնոլորտի ձեւաւորման։ Համոզուած ենք, որ միայն ազրպէյճանի կողմէ իր միջազգային պարտաւորութիւններու պատշաճ կատարումը, ինչպէս 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, այնպէս ալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի Փետրուար 22-ի վճիռին համաձայն, կրնայ վկայել առանց հարկադրանքի եւ ուժի կիրառման, երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցով, խնդիրները լուծելու ազրպէյճանի պատրաստակամութեան եւ շահագրգռուածութեան մասին։
Մէկ անգամ եւս կը շեշտենք արհեստագիտական եւ մարդկայնական հարցերու լուծման շուրջ երկխօսութեան քաղաքականացման անթուլատրելիութիւնը եւ կ՝ընդգծենք, որ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման քաղաքական հարցերը պէտք է քննարկուին համաձայնեցուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած բանակցային ձեւաչափով՝ կողմերու իրաւահաւասարութեան հիման վրայ եւ անոնց ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման միջազգային ամուր երաշխիքներու առկայութեան պայմաններուն մէջ:
