Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Մենք` լիբանանահայ պատանիներս, կը դատապարտենք Ազրպէյճանի շրջափակումը մեր հայրենիքի կարեւոր հատուածին՝ Արցախին: 100 օրերէ ի վեր Արցախի պատանիները կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ: Անոնք, բոլոր պատանիներուն նման, իրաւունք ունին հայրենիքին մէջ ապրելու խաղաղ, առողջ, ապահով եւ հանգիստ պայմաններու մէջ:

Այս առիթով հաւաքաբար կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը Արցախի պատանիներուն եւ կը հաստատենք, որ մեր քոյրերն ու եղբայրները մինակ չեն: Մե՛նք, մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ, պիտի մասնակցինք եւ իրականացնենք գործնական ծրագիրներ` քանդելու Արցախը Հայաստանէն բաժնող անընդունելի եւ անմարդկային պատը:

Արցախի պատանինե՛ր, ամուր եղէ՛ք, կանգուն մնացէ՛ք: Վստահ ենք, որ միասնաբար պիտի շրջանցենք այս տագնապները եւ վերականգնենք Արցախը:

ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ
ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ
ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ