Նոր Ջուղայի Մէջ Սկիզբ Պիտի Առնեն Իրանահայ 32-րդ Գարնանային Խաղերը

Սփիւռք

Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Կեդր. վարչութեան, կազմակերպութեամբ Գարնանային խաղերու Կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբ նոյն միութեան բոլոր միաւորներուն, Մարտ 20-24, տեղի պիտի ունենան Իրանահայ 32-րդ Գարնանային խաղերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԼԻՔ»-ը՝ Նոր Ջուղայի իր թղթակիցին միջոցով։

Խաղերուն սկիզբը պիտի տրուի Երկուշաբթի, Մարտ 20-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Արարատ» միութեան մարզասրահին մէջ՝ բացման հանդիսաւոր ձեռնարկով:

Գարնանային խաղերուն ծրագիրը յագեցած պիտի ըլլայ մարզական մրցոյթներով, մշակութային ձեռնարկներով, խաղերով եւ ժամանցային այլ ծրագրերով:

Մարզական մրցոյթներու շարքին տեղի պիտի ունենան պասքէթպոլի, ֆութպոլի, սեղանի թենիսի եւ ճատրակի մրցաշարերը, մասնակցութեամբ Նոր Ջուղայէն, Թեհրանէն, Շահինշահրէն, Ուրմիայէն եւ Շիրազէն մարզական պատուիրակութիւններու:

Հարկ է նշել, որ խաղերուն գլխաւոր ջահի բոցավառման արարողութիւնը տեղի ունեցած է այսօր, Մարտ 17-ի կէսօրէն ետք, Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ, նախագահութեամբ՝ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սիփան եպս. Քէչէճեանի: