
Եւրոպական Խորհրդարանը Նոր Զեկոյցով Դատապարտած է Հայաստանի Դէմ ազրպէյճանի Յարձակումները
2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք կնքուած հրադադարը չի պահպանուիր, աւելին՝ հրադադարը քանի մը անգամ խախտուած է՝ հանգեցնելով հարիւրաւոր զոհերու եւ ազրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի արեւելքի ու հարաւ-արեւելքի երկրի ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւման: Այս մասին նշուած է
ԵՄ-ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանի զեկոյցին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ կը յիշատակուին Բերձորի միջանցքով քաղաքացիական երթեւեկութեան արգելափակումը, սեպտեմբերեան մարտերուն ժամանակ ռազմագերիներու խոշտանգումները, 2020-ին եւ 2021-ի սկիզբը քաղաքացիական անձերու, ներառեալ՝ տարեցներու հանդէպ ոտնձգութիւնները եւ արտադատական հաշուէհարդարները:
«ԵՄ-ն պատրաստ է աշխոյժ դերակատարում ունենալու, իբրեւ յուսալի առեւտրային գործընկեր եւ արդար միջնորդ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ՝ իր գործողութիւնները հիմնելով ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանքը առաջ մղելուն վրայ»,- նշուած է զեկոյցին մէջ, ինչպէս նաեւ այն, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ծաւալած հակամարտութիւնը ազդեցութիւն ունեցած է Հարաւային Կովկասի վրայ եւ ա՛լ աւելի բարդացուցած է տարածաշրջանի անվտանգային իրավիճակը:
Անդրադարձ եղած է նաեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ ազրպէյճանի առաջարկած հինգ սկզբունքներուն եւ անոնց առնչութեամբ Հայաստանի արձագանգին:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը յիշատակուի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 Դեկտեմբեր 7-ի որոշումը՝ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման գործին մէջ ազրպէյճանի իշխանութիւններու ներգրաւուածութեան հետ:
Զեկոյցով կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը մեծապէս խոչընդոտած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի զարգացումն ու կայունութիւնը եւ աւելի լայն իմաստով կ՝ազդէ Եւրոպական կայունութեան վրայ:
«Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ 2022 Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ բազմաթիւ թիրախներու դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակումը… կը դատապարտէ ռազմական ներխուժումները, որոնք 2021 Մայիսէն ի վեր իրականացուած են չսահմանազատուած սահմանով, բոլոր ուժերուն կոչ կ՝ընէ վերադառնալու իրենց ելման դիրքեր, կը դատապարտէ խաղաղութեան գործընթացը խաթարող ցանկացած փորձ եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՝ընէ զերծ մնալու ուժի կիրառումէն»,- նշուած է զեկոյցին մէջ:
Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագրին առնչութեամբ, կը դատապարտէ պաքուի մէջ, այսպէս կոչուած, «ռազմավարներու զբօսայգի»-ին բացումը, կ՝ողջունէ Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայելուն շուրջ համաձայնագիրը եւ կը խրախուսէ Հայաստանի ու ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ երկկողմ շփումները:
Միաժամանակ կը նշուի, որ ազրպէյճանի հետ քաղաքական եւ ուժանիւթի ոլորտէն ներս գործընկերութիւնը խորացնելէն առաջ՝ ազրպէյճանը պէտք է բարելաւէ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու հետ կապուած իրավիճակը, որ «դեռ կը գնահատուի շատ բացասական»: Զեկոյցը նաեւ կ՝անդրադառնայ ազրպէյճանի մէջ առկայ կաշառակերութեան, կանանց դէմ բռնութիւններուն, խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն: